Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Ընդունեց Բարեկարգչական Երեսփոխաններու Մէկ Պատուիրակութիւնը

September 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ներկայութեամբ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց բարեկարգչական երեսփոխաններուն մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին բարեկարգչական երեսփոխանները ներկայացուցին նախագահական ընտրութեան վերաբերող իրենց պատրաստած փրկութեան նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ երկիրը իսկապէս փրկութեան նախաձեռնութիւններու կարիք ունի:

«Այս նախաձեռնութիւնը մենք ուսումնասիրած ենք արդէն, եւ աւելի խորքային կերպով ալ պիտի քննենք զայն, սակայն կ՛ուզեմ հիմնականին մէջ երկու կէտերու անդրադառնալ: Անոնցմէ մէկը այն է, որ իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ, անհրաժեշտ կը նկատենք նախագահական ընտրութիւնը կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին: Կարեւոր կը նկատենք նաեւ, որ վարչապետը յաւելեալ ճիգեր ի գործ դնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրական ժամկէտի աւարտէն առաջ կազմել նոր կառավարութիւնը: Նոյնիսկ եթէ այդ ժամկէտին մէկ շաբաթ մնայ, երկիրը կարիք ունի նոր կառավարութեան: Նոր կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով արձանագրուած զլացումը պատճառ կը դառնայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան բարդացումին», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս բոլոր հարցերէն խուսափելու համար պէտք է կազմել կառավարութիւն եւ նախքան 31 հոկտեմբեր 2022-ը ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Հայկական երեսփոխանական պլոքն ու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համաձայն են, որ յաջորդ նախագահը պէտք է ունենայ յատկանիշներ, որոնցմէ կարեւորագոյնն է սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքը: «Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ սահմանադրութիւնը կը նկատենք տեսակէտ եւ տարբեր մեկնաբանութիւններու աղբիւր` երբեմն յանգելով իրերամերժ հակադրուող մեկնաբանութիւններու: Ապագային պէտք է առանց քինախնդրութեան գործենք` լուծելու համար սահմանադրական բացթողումները եւ կանխարգիլելու համար մօտիկ ապագային մեր դէմ ծառանալիք բոլոր դժուարութիւնները», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ կայ կարելիութիւն նախքան 31 հոկտեմբերը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու: «Իսկ թէ ո՞վ է ան. յաջորդ հանրապետութեան նախագահը այն անձնաւորութիւնն է, որուն համաձայն պիտի գտնուի Լիբանանի խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդը: Մենք այսօր չենք փափաքիր, որ նախագահական ընտրութեան գործընթացը կարծր ընտրապայքարի վերածուի, որովհետեւ կարեւոր է յարգել հանրապետութեան նախագահութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահը, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ պետութեան օրինականութիւնը», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ արտաքին միջամտութիւնները մերժելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անոնց տուն տուող պատճառները լիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւններն են:

«Եթէ կարենանք առաջին անգամ ըլլալով ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը` հեռու արտաքին միջամտութիւններէն, ապա իրագործած կ՛ըլլանք նուաճում մը, որուն իրագործումը անկարելի կը նկատէինք», յայտնեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ այսօր Լիբանան կը գտնուի իր ամէնէն վտանգաւոր փուլին մէջ: «Չեմ ուզեր անդրադառնալ երկրին ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու եւ գաղթականներու թղթածրարներուն ու ժողովուրդի ցաւերուն, սակայն կայ պատասխանատուութիւն: Այս կացութեան մէջ մենք բոլորս պատասխանատու ենք, եթէ պատասխանատուութիւն պիտի չստանձնենք, չենք կրնար առաստաղը բարձրացնել եւ քաղաքական բուռն ելոյթներ ունենալ: Երկրին հանդէպ ազգային պատասխանատուութիւն կայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ի խնդիր զոհուած նահատակներուն հանդէպ պատասխանատուութիւն կայ, որովհետեւ անոնք իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի մենք հասնինք ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի: Պատասխանատու ենք նաեւ նորահաս սերունդին դիմաց: Եթէ մենք երիտասարդները այս երկրին մէջ պիտի պահենք, պէտք է փրկենք երկիրը», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի ողջունեց բարեկարգչական երեսփոխաններուն հետ կայացած առաջին հանդիպումը` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին: «Մենք պատրաստ ենք գործակցելու` դիւրացնելու համար հարցերուն լուծումը, եւ թերեւս նաեւ դերակատարութիւն ունենալու` տարակարծիք կողմերուն միջեւ կամուրջ հանդիսանալու իմաստով: Կը մաղթենք, որ այս ջանքերով կարելի ըլլայ յանգիլ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան` նախքան 31 հոկտեմբերը», հաստատեց ան:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը առանձին չէ, որ կը գործէ, հետեւաբար երկրին քաղաքական, տնտեսական, դատական եւ այլ իրավիճակներուն պատասխանատուն չէ: «Իսկ պէտք է նաեւ իմանալ, որ հանրապետութեան նոր նախագահին ընտրութեամբ Լիբանանի հարցերը անմիջապէս պիտի չլուծուին, տոլարի փոխարժէքը դարձեալ 1500 լ. ոսկիի պիտի չվերածուի եւ երկիրը շուրջօրեայ դրութեամբ ելեկտրականութիւն պիտի չունենայ: Սակայն հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի կացութիւնը բարելաւելու երկար ուղիին նախաքայլը», ըսաւ ան:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ հանդիպումը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է: «Մենք միշտ դրական ենք, եւ եթէ բոլորս մէկզմէկու հետ չհամագործակցինք, ապա փրկութեան նախաձեռնութիւնը կրնայ թուղթի վրայ թանաք մնալ», շեշտեց ան:

Իր կարգին, երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց, որ ինք կ՛ուզէ անդրադառնալ հիմնական երեք կէտերու, որոնք կը կազմեն իրենց նախաձեռնութեան հիմնական յատկանիշները:

Խալաֆ նշեց, որ նախ պէտք է նախագահական ընտրութեան գործընթացը լիբանանեան դարձնել, երկրորդ` պէտք է քաղաքական գլխաւոր կողմերը զետեղել իրենց ազգային պատասխանատուութեան դիմաց, իսկ երրորդ` փրկութեան այս նախաձեռնութիւնը անկիւնադարձային է` լիբանանեան պետութիւնը վերստանձնելու, նախագահական ընտրութեան գործընթացին ընդմէջէն:

Խալաֆ նշեց, որ հանդիպումը ընթացաւ դրական մթնոլորտի մէջ, եւ այս հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին:

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիին Մէջ Ականազերծման Աշխատանքներու Համար 2 Միլիոն Տոլար Յատկացուցած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.