Շուէտն ու Ֆինլանտան տակաւին չեն կատարած Թուրքիոյ հետ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու հարցով իրենց համաձայնութիւնները: «Այտընլըք» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ:
Անոր համաձայն, Անգարան կ՛ակնկալէ, որ Սթոքհոլմն ու Հելսինքին քայլերու պիտի ձեռնարկեն Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան, ՖԵԹՕ-ի (իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութիւն, «Ա.») եւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ:


