Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Սենտիքան Մէկ Շաբաթով Սառեցուց Իր Յայտարարած Գործադուլը` Բանակցութիւններուն Առիթ Տալու Համար

September 10, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրին «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքան մէկ շաբաթով սառեցուց իր յայտարարած գործադուլը, որպէսզի իր պահանջներուն մասին բանակցութիւնները շարունակելու առիթ ստեղծէ:

«Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքայի նախագահ Էլի Զէյթունա յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի հետ հանդիպումին մթնոլորտը դրական էր` աւելցնելով, որ Քըրըմ «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներուն պահանջները պիտի ներկայացնէ նախարարաց խորհուրդին:

«Այս կեցուածքին իբրեւ բարի կամեցողութիւն` մեր յայտարարած գործադուլը մէկ շաբաթով պիտի սառեցնենք եւ բանակցութիւնները պիտի շարունակենք», շեշտեց Զէյթունա:

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Ֆայեատը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ նախարարութիւնը կ՛աշխատի տարբեր աղբիւրներէ վառելանիւթ ապահովել, որպէսզի ելեկտրակայանները կարենան ելեկտրականութիւն արտադրել:

Ան նկատել տուաւ, որ կապեր հաստատած է Քուէյթի եւ Ալճերիոյ հետ` վերականգնելու համար այդ երկիրներէն նաւթ ներածելու կարելիութիւնը:

Ֆայեատ շեշտեց Զուքի ելեկտրակայանը բացառաբար բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` ներկայ փուլին:

Ֆայեատ ընդգծեց, որ Միջազգային դրամատունը տակաւին հետաքրքրուած է Եգիպտոսէն կազ եւ Յորդանանէն ելեկտրականութիւն ներածելու թղթածրարով` աւելցնելով, որ Միքաթիի հետ քննարկած են Միջազգային դրամատան պարտադրած երկու նախապայմանները, որոնք են` պետութեան տրամադրած ելեկտրական հոսանքի սակին յաւելումը եւ Ելեկտրականութեան մարզի կարգաւորման խորհուրդի անդամներուն նշանակումը:

Ֆայեատ նկատել տուաւ, որ իմացած է նաեւ, թէ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ պիտի ստորագրէ ելեկտրական հոսանքի ծառայութեան սակը բարձրացնելու հրամանագիրը` նկատի ունենալով, որ անիկա վաւերացուած էր Ելեկտրականութեան ընկերութեան կողմէ:

Իրանեան նաւթի նուիրատուութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆայեատ շեշտեց, որ այդ նուիրատուութիւնը առանց նախապայմանի է` աւելցնելով, որ լիբանանցի արհեստավարժներու թեքնիք յանձնախումբ մը մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Թեհրան` յստակացնելու համար վարչական եւ գումակային հարցերը:

Նախորդը

Պոկտանով. «Կը Մաղթենք, Որ Դժուար Հարցերը Լուծուին` Փոխադարձ Շահերը Հաւասարակշռելով»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Տէյր Ահմար

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.