Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը, երէկ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ, գերմանացի Թոմաս Թուխելը:
Անգլիական ակումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պատասխանատուները եկան այն եզրակացութեան, որ ֆութպոլի մասնագէտին պաշտօնազրկումը ներկայ դրութեամբ լաւագոյն որոշումն է` փրկելու համար խումբին իրավիճակը:
Ասիկա բնականաբար հետեւանք է Չելսիի կրած պարտութեան` Տինամօ Զաղրեպէն (1-0), «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
49 տարեկան Թուխել, որ յունուար 2021-ին ստանձնեց իր պաշտօնը, Չելսիէն պիտի ստանայ 13 միլիոն սթերլինկ` իբրեւ փոխհատուցում: Իսկ անոր մարզչական խմբակը պիտի ստանայ 2 միլիոն սթերլինկ:
Նշենք, որ ան նախապէս եղած է նաեւ Պորուսիա Տորթմունտի, Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ այլ խումբերու մարզիչը:
Ըստ անգլիական մարզական մամուլին, Չելսի այժմ կը բանակցի Պրայթընի 47 տարեկան անգլիացի մարզիչ` Կրեհեմ Փոթըրի հետ:


