Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տղոց Դ. հանգրուանի մրցումներուն, աշխարհի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ դուրս մնաց մրցաշարքէն` պարտութիւն մը կրելով աշխարհի դասաւորման 26-րդ դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Ֆրանսես Թիաֆոյէն, 4-6, 6-4, 4-6 եւ 3-6 արդիւնքով:
Թիաֆոյի քառորդ աւարտականի մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Անտրէյ Ռուպլեւ, որ իր յաղթանակը արձանագրեց անգլիացի Քամերոն Նորիի դէմ:
Միջազգային դասաւորման չորրորդ դիրքին վրայ գտնուող 19 տարեկան սպանացի Քարլոս Ալքարաս, որ մրցեցաւ խրուաթ Մարին Սիլիչի դէմ (17-րդ), արձանագրեց 6-4, 3-6, 6-4, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անոնց միջեւ այս քիչ մը երկար ճակատումը տեւեց շուրջ չորս ժամ:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Ալքարասի մրցակիցը պիտի ըլլայ իտալացի Եաննիք Սիներ (11-րդ), որ երէկ իր յաղթանակը արձանագրեց Իլիա Իաշքայի դէմ (Պիելոռուսիա), 6-1, 5-7, 6-2, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով:
Աղջկանց մրցումներուն, աշխարհի առաջին դիրքը գրաւող Իկա Սվիաթեք (Լեհաստան) ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 2-6, 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք գերմանացի Ժիւլ Նիեմայըրին:
Կիսաւարտականի մրցումներուն, Սվիաթեքի մրցակիցը պիտի ըլլայ ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլա, որ իր յաղթանակը արձանագրեց չեխ Փեթրա Քվիթովայի դէմ:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 60 միլիոն ամերիկեան տոլար:


