Երէկ Գանձակի մէջ սկիզբ առած է թուրք-ազրպէյճանական «ԹուրԱզ Քարթալի-2022» մարտավարական-թռիչքային միացեալ ռազմափորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Այս նպատակով վերջերս Թուրքիոյ օդուժի օդաչուներու եւ թեքնիք հարցերով անձնակազմի առաջին խումբը մեկնած էր Ազրպէյճան:
Երէկ Գանձակի մէջ «ԹուրԱզ Քարթալի-2022» մարտավարական վարժանքներու մեկնարկի ձեռնարկի ընթացքին Ազրպէյճանի օդուժի զօրավար Զաուր Ռուսթամով ընդգծած է, որ նմանօրինակ ռազմափորձերու կատարումը կարեւոր նշանակութիւն ունի միացեալ գործողութիւններու ծրագրման, համագործակցութեան եւ մարտական գործողութիւններուն մէջ զինուորներու միջեւ համագործակցութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ որոնողական ու փրկարարական առաջադրանքներու կատարման տեսանկիւնէն:
Վարժանքներու մեկնարկի հանդիսութեան տեղեկութիւն տրուած է անոնց նպատակին վերաբերեալ, այն է` զինանձնակազմի մարտական պատրաստականութիւն, տեղաբաշխում, առաջադրանքներու կատարում եւ օդուժի կիրարկում:
Ռազմափորձերու մասնակից զինուորներու, սպառազինութեան, օդանաւերու տեսակի եւ քանակի մասին չի հաղորդուիր:


