Եւրոպական Միութիւնը յայտնեց, որ «մեծապէս մտահոգ է» Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Թուրքիոյ մօտ գտնուող յունական կղզիներուն պատճառով Յունաստանի դէմ կատարած «թշնամական յայտարարութիւններով»:
Էրտողան շաբաթ օր ժողովի մը ընթացքին Յունաստանին սպառնացած էր, թէ «սուղ գին մը» պիտի վճարէ` ամբաստանելով Աթէնքը թրքական օդային տարածքը ոտնահարելու եւ Եգէական ծովուն վրայ թրքական պատերազմական օդանաւերուն «նեղութիւն տալու» յանցանքով:
«(Թուրքիոյ մօտիկ կղզիներուն) Ձեր բռնագրաւումը մեզ չի պարտաւորեցներ: Երբ պահը գայ, պէտք եղածը պիտի ընենք: Կրնանք գիշերը յանկարծ գալ», ըսած էր ան:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի բանբեր Փիթըր Սթանօ, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը, ըսաւ. «Թրքական քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդին դէմ թշնամական այս յայտարարութիւնները (…) մեծ մտահոգութիւն կը պատճառեն»:
«Թուրքիայէն կ՛ակնկալենք, որ հռետորաբանական մագլցումէ ետ կանգնի եւ յանձնառու ըլլայ բարի դրացիական յարաբերութիւններու բարելաւման», աւելցուց ան` աւելցնելով. «Յունաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է առկախ հարցերը խաղաղ ճամբով լուծել երխօսութեան ճամբով, բարի կամեցողութեամբ, միջազգային օրէնքին համաձայն եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու սկզբունքի համաձայն»:
«Յունաստանը Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւն է, եւ պէտք է յարգել Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու հողային ամբողջականութիւնը», նշեց Սթանօ:


