Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերուն Ընտանիքները Պահանջեցին Ամրապնդել Դատական Իշխանութեան Անկախութիւնը

September 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհերուն ընտանիքներուն միութիւնը հաստատեց, որ ճշմարտութիւնը տակաւին կորսուած է քաղաքական այնպիսի քուլիսներու ետին, որուն հեղինակները եւ ստեղծողները քաղաքական ուժերն են:

Իրենց խօսքը ուղղելով պատասխանատուներուն` զոհերուն հարազատները յայտնեցին, որ 15 ամիսներ անցած են եւ անոնք տակաւին պատասխանատուութիւնը իրարու կը վերագրեն եւ անկէ փախուստ կու տան` սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն ետին թաքնուելով, կարծէք անոնց նպատակը ըլլայ հաշուետուութենէ խուսափիլ:

Միութիւնը հաստատեց, որ իրենց համբերութիւնը հատած է պատասխանատուները հալածելէ ու հետապնդելէ` աւելցնելով, որ այդ որոշումներուն գործադրութիւնը պատասխանատուներուն պարտականութիւնն է եւ լիբանանցիներու իրաւունքը: «Դուք բոլորդ` իւրաքանչիւրը իր չափին մէջ մեղաւոր էք, եւ ցաւ ի սիրտ ձեզմէ ոչ ոք կ՛օժանդակէ զոհերուն հարազատներուն` բացայայտելու ճշմարտութիւնը: Ընդհակառակն, բոլորդ գիտէք այդ մէկը, կ՛արգելակէք հետաքննութիւնը եւ անլուրջ մօտեցում կը ցուցաբերէք այնպիսի թղթածրարի մը նկատմամբ, որ երկրի մը չափ մեծ է ու հսկայ», շեշտեց միութիւնը:

Զոհերուն հարազատները շեշտեցին, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը ամբողջ աշխարհը ցնցեց` բացի լիբանանցի պատասխանատուներուն պաշտօնները, աթոռներն ու խիղճերը, այլ` զանոնք ամրապնդեց անոնց աթոռներուն վրայ` սառեցնելով հետաքննութիւնը: «Ձեր կեանքը իր բնական ընթացքով կը շարունակուի, հետեւաբար մենք ի՞նչ պետութեան կամ երկրի մասին կը խօսինք», հարց տուաւ ան:

Զոհերուն ընտանիքները պահանջեցին երեսփոխանական պլոքներէն ճնշում բանեցնել խորհրդարանին վրայ, որպէսզի ան փոփոխութեան ենթարկէ այն օրէնքները, որոնք կը վերաբերին դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնը ամրապնդելու, որովհետեւ չկայ երկիր մը առանց դատական իշխանութեան, եւ չկայ ապահովութիւն` առանց հաշուետուութեան:

Նախորդը

Տիմանի Մէջ. «Նախագահական Աթոռի Թափուր Մնալը Մերժելի Է, Եւ Պատրիարքութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Վերջ Տալու Արկածախնդրութիւններուն Եւ Սակարկութիւններուն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Քլեմանսոյի Մէջ. «Անիշխանութիւն Չկայ, Այլ` Նախագահական Թափուր Աթոռ, Իսկ Նախագահին Լիազօրութիւնները Կը Փոխանցուին Կառավարութեան» Շեշտեց Միքաթի

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.