Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկարողութիւնը` Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պահանջները Գործադրելու, Կը Սպառնայ Զայն «Ձախող Երկիրներու» Շարքին Դասել

September 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ելեւմտական, ապրուստի եւ տնտեսական տագնապներուն լուծման կարելիութիւններուն մասին յոյսերը նուազած են` Միջազգային դրամական ֆոնտի պահանջներուն եւ բարեկարգումներուն գործադրութեան իմաստով արձանագրուած պաշտօնական անկարողութեան լոյսին տակ:

Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ քաղաքական տարակարծութիւնները սուր են, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առումով: Թերթը նաեւ կ՛ընդգծէ, թէ Լիբանան հասած է ամբողջական անդամալուծութեան մակարդակի` կառավարութեան հիմնական ծառայութիւններու մատուցումին իմաստով:

Միջազգային դրամական ֆոնտի պատասխանատուները հաստատեցին, որ դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքը տակաւին թերութիւններ կը բովանդակէ, եւ կոչ ուղղեցին պատասխանատուներուն իրենց նախաքայլերը առնելու ելեւմտական մարզը բարելաւելու` աւելցնելով, որ ասիկա իրենց ներկայացուցած հիմնական հինգ պահանջներէն է Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու համար:

Միջազգային դրամական ֆոնտը հաստատեց, որ այնքան ատեն որ այդ օրէնքներուն գործադրութեան յստակ ժամանակ չէ ճշդուած` իբրեւ տնտեսական ապաքինման նախապայման, ապա կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ վատթարացում: «Լիբանան մուտք գործած է նախագահական ընտրութեան գործընթաց, իսկ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը անկարող է հանդիպում մը կայացնելու եւ ապաքինման օրէնքը փոխանցելու, հետեւաբար ելեւմտական բոլոր գործընթացները առկախուած են, եւ անոնց ճակատագիրը անորոշ է», ըսաւ ան:

Նոյն աղբիւրները հաւանական նկատեցին, որ Լիբանան չկարենայ գործադրել իրմէ պահանջուած բարեկարգումները, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւնը ջնջելու:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Տիմանի Մէջ. «Նախագահական Աթոռի Թափուր Մնալը Մերժելի Է, Եւ Պատրիարքութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Վերջ Տալու Արկածախնդրութիւններուն Եւ Սակարկութիւններուն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.