Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. Ուիսամ Շարրուֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի եւ անոր բնակչութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Շարրուֆ Այն Թինէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Թալալ Արսլանի եւ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են եւ հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ:
Շարրուֆ յայտնեց, որ Արսլանի եւ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները ռազմավարական են` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը ապահովելու առումով: «Արսլանի կողմէ հետեւեալ ցուցմունքով պիտի պահենք մեր յարաբերութիւնները` մնայուն կերպով գործակցելով լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ կողմերուն հետ», հաստատեց ան:
Պըրրի իր կարգին շնորհաւորեց Շարրուֆը` անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:


