Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ ողջունած է Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հանդիպումը:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Անն Լինտէ «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Կ՛ողջունեմ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի աշխուժ մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու 4-րդ հանդիպումին: Եւրոպական Միութեան համար Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու հոլովոյթին մասնակցութիւնը կարեւոր է»:
Պրիւքսելի մէջ 31 օգոստոսին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած էր Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի նախագահի հանդիպումը:


