Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

175 Տարիներու Աւանդը

September 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին իր ծնունդով հայկական է: Ահա թէ ինչո՛ւ ան անուանուեցաւ Հայաստանեայց: Իր նպատակը հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ զարգացնել եւ ամրապնդել էր հոգեւոր-մտաւոր արժէքներ, որոնց հիմքը Աստուածաշունչի պատգամին ընկալումն էր իւրաքանչիւր հայորդիի համար: Իսկ Աստուածաշունչը կարդալը եւ ընկալելը բոլոր հայորդիներու համար է` առանց տարիքի եւ ուսման մակարդակի: Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին եթէ իր այս առաքելութիւնը մէկ կողմէ իրագործեց եկեղեցական իմաստով, բայց նոյնքան նաեւ` կրթական, ընկերային, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

Պատմական Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն սկսեալ, արեւելեան Հայաստան ու Արցախ եւ այսօր սփիւռքի շատ մը երկիրներու մէջ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին մնաց հաւատարիմ իր կոչումին եւ առաքելութեան: Ան այսօր  կը շարունակէ իր ընթացքը` սատարելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարգացումին:

Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին չհաւատաց ու մինչեւ այսօր ալ չի հաւատար թիւի ուժին: Անոր առաքելութիւնը հայ մարդուն հոգեւոր ուժը զարգացնելու համար է, որ պիտի սատարէ հայ ժողովուրդին կեանքի շարունակականութեան: Հոգեւոր ուժն է, որ կը կերտէ կեանք: Եթէ պատմութիւնը կը կերտուի թիւով, բայց շատ աւելի` հոգեմտաւոր կարողականութեամբ եւ զօրութեամբ: Այս իմաստով հայ ժողովուրդի կեանքի վերջին 175 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին ունեցաւ իր կարեւոր ներդրումը` հայուն հայապահպանումի եւ ազգապահպանումի կեանքի պատմութիւնը դնելով շարունակական գործընթացի մէջ: Պատմութիւնը` իր անցեալով, բայց նոյնքան` այսօրուան ու ապագայի տեսլականով:

Յարգանքի եւ երախտագիտական խօսք` Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիի հիմնադիր քառասուն անդամներուն: Բայց նոյնքան նաեւ` անոր պատմութիւնը կերտած եւ մինչեւ այսօր ծառայող իւրաքանչիւր եկեղեցական ու աշխարհական միտքին, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին հայուն հոգեւոր արժէքները վառ պահելու համար:

Շնորհաւոր 175-ամեակ եւ բարի երթ` նոր ամեակներու: Նոր տարեդարձներ, բայց մէկ կարեւոր տեսլական` Քրիստոսի, եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր ու ազգային արժէքներու ամրապնդումին ի խնդիր:

Վստահաբար Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիին 175 տարիներու աւանդն է, որ պիտի  շարունակուի:

 

 

Նախորդը

«Որոշեցի Հրաժարուել Ռուսաստանի Քաղաքացիութիւնից Եւ Տեղափոխուել Արցախ». Ռուբէն Վարդանեան

Յաջորդը

Առցանց Հրատարակուած Է Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի Ուղղագրական, Ուղղախօսական, Ոճաբանական Ուղեցոյց»-ը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.