Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Մէջ Դասախօսութիւն` Քուպայի Եւ Մեքսիքոյի Հայերու Նուիրուած

September 3, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 31 օգոստոս 2022-ի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային դասախօսութիւն մը` նուիրուած Քուպայի եւ Մեքսիքոյի հայութեան:

Դասախօսը` դոկտ. Քարլոս Անթառամեան, ծնած է Մեքսիքօ: Ան` իբրեւ մասնագէտ  ընկերային մարդաբանութեան, մեղուաջան ու յարատեւ հետազօտութիւններով խմբած վաւերաթուղթերուն, լուսանկարներուն, բանաւոր պատմութեանց ու այլ վկայութիւններու հիմամբ դրուագային ձեւով կատարեց  Քուպայի եւ Մեքսիքոյի մէջ հայերու ներկայութեան եւ կենսագործունէութեան պատումը:

Ճիշդ է, որ այս երկիրներուն մէջ հայերու հետքերը կ՛երթան մինչեւ 17-րդ դար, սակայն հիմնական հոսքը հոն եղած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, մանաւանդ` 1920-ականներուն: Դասախօսը տոկոսային մանրամասնութեամբ նշեց հայերու տարիներու ներհոսքը դէպի այդ երկիրներ, նաեւ` թէ ո՛ւր էին անոնց Արեւմտեան Հայաստանի ծննդավայրերը:

Դոկտ. Անթառամեան բացատրեց հայերու` այդ երկիրներ մեկնելու դրդապատճառները, յարանուանական այն արգելքները, որոնք խոչընդոտած էին հայերու հոն մուտքը, Միացեալ Նահանգներու կողմէ յարուցուած ցեղային պատկանելիութեան այն օրէնքները, որոնք ստիպած էին հայերու միառժամանակ հաստատումը Մեքսիքօ եւ Քուպա եւ այլն:

Դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուած լուսանկարները վառ վկայութիւն էին այն կենսագործունէութեան, զոր հայերը ունեցած էին այդ երկիրներուն մէջ, ուր գործած են` դպրոց, կուսակցական ակումբներ, թատերախումբ, կատարուած են դաշտային պտոյտներ, ընկերային այլեւայլ հաւաքներ եւ այլն: Դոկտ. Անթառամեան ներկայացուց նաեւ այն արհեստները, զորս հայերը զարգացուցած են: Ան շեշտեց, թէ ինչպէ՛ս բանաւոր պատմութիւնները վառ պահած են հաւաքական յիշողութիւնը անցեալին հանդէպ:

Շահեկան էր նաեւ դիտել հատուածներ 1957-ին արձանագրուած գունաւոր ժապաւէնէ մը, որ կը վաւերագրէր այդ շրջանի մեքսիքահայերու կեանքը:

Դասախօսութեան աւարտին բարձրացուեցան նիւթէն բխած հարցումներ` ինքնութեան, այսօրուան խնդիրներու եւ առաջնահերթութիւններու, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, համայնք-ընտանիքներ փոխառնչութիւններու վերաբերեալ:

Նախորդը

Խօսք` Յիշատակի Եւ Երախտիքի (Արսէն Աւագ Քհնյ. Քէշիշեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

«Որոշեցի Հրաժարուել Ռուսաստանի Քաղաքացիութիւնից Եւ Տեղափոխուել Արցախ». Ռուբէն Վարդանեան

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.