Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին որոշուեցաւ 600 միլիոն 500 հազար դրամ յատկացնել Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին, որպէսզի կարելի ըլլայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 2023 տարուան ախոյեանութեան պատրաստութեան համար, հարկ եղած գոյքերը ապահովել:
Նշուեցաւ նաեւ, որ կը նախատեսուի 2 միլիառ 232 միլիոն դրամի շրջանակին մէջ ապահովել շարք մը կրթական, մարզական եւ մշակութային հաստատութիւններու շինարարական աշխատանքներու կատարումը եւ նախագծումը:


