Իտալացի 32 տարեկան յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի թրքական Ատանա Տեմիրսփորէն տեղափոխուեցաւ զուիցերիական Սիոն ֆութպոլի ակումբ, այս մասին յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կողմերը իրարու հետ ստորագրեցին երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, որ պիտի գործէ մինչեւ 30 յունիս 2026:
Պալոթելլի ելոյթ պիտի ունենայ իր նախասիրած թիւ 45 մարզաշապիկով:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, անոր այս փոխանցման համար Սիոն թրքական ակումբին վճարեց 2,62 միլիոն եւրօ:


