Ուքրանական ուժերը երէկ առաւօտեան փորձած են գրաւել ռուսական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող Զափորոժիէի հիւլէական կայանը: Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ առաւօտեան շուրջ ժամը 6:00-ին ուքրանական բանակի 60 «խափանարարներ» նաւերով կտրած են Տնեփր գետը, որ իրարմէ կը բաժնէ պատերազմող երկու կողմերը, սակայն ռուսական ուժերը կրցած են յարձակողները ոչնչացնել` ներառեալ օդուժի կիրարկումով:
Մոսկուան Քիեւը մեղադրած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան փորձագէտներու հիւլէական կայան ժամանելուն ընդառաջ սադրանք կատարելու յանցանքով: Փորձագէտները պիտի քննեն բախումներու պատճառով հիւլէական կայանին հասած վնասները:
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան փորձագէտներու պատուիրակութիւնը ժամեր ետք հասաւ հիւլէական կայան: Գործակալութեան տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի նշեց. «Պատուիրակութիւնը քանի մը ժամուան ընթացքին Զափորոժիէ կայանէն կարեւոր տեղեկութիւններ հաւաքեց»:


