Աւստրիոյ վարչապետ Քարլ Նեհամմեր կոչ ուղղած է «դադրեցնելու վառելանիւթի շուկաներուն մէջ տիրող խելագարութիւնը» եւ «Փութինին չարտօնելու ուժանիւթի գիները սահմանել»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք պէտք է վերջապէս դադրեցնենք այն խելագարութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ ուժանիւթային շուկաներուն մէջ: Եւ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն եւրոպական որոշումի շնորհիւ», ըսած է Աւստրիոյ կառավարութեան ղեկավարը:
Նեհամմեր աւելցուցած է, որ շուկան ներկայ տեսքով ինքզինք պիտի չկարգաւորէ, եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն կոչ ուղղած է միացեալ ջանքերով անյապաղ դադրեցնելու «գիներու պայթումը»:
«Մենք պէտք չէ արտօնենք, որ Փութինը ամէն օր որոշէ Եւրոպայի մէջ ուժանիւթի գինը», ամփոփած է աւստրիական կառավարութեան ղեկավարը:
Աւստրիան ռուսական կազի սպառման մեծագոյն բաժինը ունեցող երկիրներու շարքին է: Անոր արդիւնաբերութիւնը կախեալ է Ռուսիոյ վառելանիւթէն:
Արեւմտեան երկիրները, ներառեալ Աւստրիան, ուժանիւթի գիներու աճի կը բախին Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներու սահմանման եւ ռուսական վառելանիւթէն հրաժարելու քաղաքականութեան պատճառով: Վառելանիւթի, նախ եւ առաջ կազի թանկացման պատճառով Արեւմուտքի մէջ արդիւնաբերութիւնը մեծապէս կորսնցուցած է իր մրցակցային առաւելութիւնները, ինչ որ ազդած է նաեւ տնտեսութեան այլ ոլորտներու վրայ:


