Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող «Տուպայ-Օփըն» ճատրակի 22-րդ միջազգային մրցումին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Վլատիմիր Յակոբեան (Միացեալ Նահանգներ), որ 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ազրպէյճանցի Մահամատ Մուրատլիի հետ, այժմ 3,5 կէտով կը բաժնէ 3-9-րդ դիրքերը:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ Յակոբեան, որ սեւ քարերով յաղթեց հնդիկ Ռամեշպապու Փրակնանանտհային, այժմ ունի 3 կէտ:
Նոյնքան կէտ ունի նաեւ Հայաստանի հաւաքականի անդամ Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ այս հանգրուանին յաղթեց հնդիկ Ատիտիա Վարուն Կամպային:
Յակոբեան եւ Տէր Սահակեան այժմ կը բաժնեն 10-28-րդ դիրքերը:
Նշենք, որ մրցաշարքը բաղկացած է 9 հանգրուաններէ:


