Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Գագիկ Սարգսեան վերընտրուեցաւ կազմակերպութեան նախագահ:
Ան իր պաշտօնը պիտի վարէ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին:
2005-2016 ժամանակամիջոցին ան եղած է ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը, 2016-էն 2021` փոխնախագահ, իսկ օգոստոս 2021-էն ի վեր կը վարէր նախագահի պաշտօնը` տարուան մը ժամանակամիջոցով:


