Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած Մարիա Գէորգեան յաջորդական հինգ յաղթանակէ ետք չկրցաւ այլ յաղթանակ մըն ալ արձանագրել, երբ սեւ քարերով 50-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց լեհ Մոնիքա Սոչքոյի հետ:
Գէորգեան, որ այժմ ունի 5,5 կէտ, կէս կէտով ետ կը մնայ 6-ական կէտ ունեցող նոյնինքն Սոչքոյէն եւ Կիւնայ Մամազատայէն (Ազրպէյճան):
Էլինա Դանիէլեան ունեցաւ 5 կէտ` սեւ քարերով 28-րդ շարժումին յաղթելէ ետք գերմանացի Ժոզեֆին Հայնեմանին:
Անոր նման 5-ական կէտ ունին նաեւ Լիլիթ Մկրտչեան եւ Աննա Սարգսեան:
Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան, որոնք այս հանգրուանին պարտութիւն կրեցին, ունին 3,5-ական կէտ:


