Թրքական «Պայքար» ընկերութիւնը յայտնած է, որ Ռուսիոյ «Պայրաքթար» տեսակի մարտական անօդաչու թռչող սարքերու տրամադրումը հաւանական չի նկատեր: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Հալուք Պայրաքթար:
«Դրամը մեզի համար առաջնահերթութիւն չէ, դրամը եւ նիւթական ներուժը երբեք առեւտուրի մէջ մեր նպատակը չեն եղած: Ուքրանիոյ հետ մեր բարեկամութիւնը եւ համագործակցութիւնը արդէն բազմաթիւ տարիներու վրայ կ՛երկարին: Ատոր համար ալ, ինչքան ալ մեզի դրամ առաջարկեն, նոյնիսկ խօսք չի կրնար ըլլալ այն մասին, որ մենք այս կացութեան մէջ անոնց (ռուսերուն) տրամադրենք անօդաչու թռչող սարքերը», յայտարարած է Հալուք Պայրաքթար:
Ան ընդգծած է, որ իր ընկերութիւնը «հաստատօրէն Ուքրանիոյ կողմնակից է, եւ ոչինչ պիտի խաթարէ Ուքրանիոյ հետ համագործակցութիւնը, ինչ գումար ալ որ առաջարկուի»:
Թուրքիան վերջին տարիներուն հիմնած է մարտական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւնը եւ կրցած է ո՛չ միայն բաւարարել սեփական կարիքները, այլ նաեւ արտածել «Պայրաքթար Թի.Պի.-2» տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր:
Զանոնք ձեռք բերած են Ազրպէյճանը, Քաթարը, Լիպիան, Մարոքը, Լեհաստանը եւ Ուքրանիան: Այդ անօդաչու թռչող սարքերը օգտագործուած են Արցախի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ:


