Թալեպան շարժումը յայտնեց, որ ահաբեկչական Քայիտա շարժումի ղեկավար Այման Զաուահիրիի դիակը չէ գտած:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն օգոստոսի սկիզբը յայտարարեց, որ Զաուահիրի սպաննուած է Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ գործուած անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի ընթացքին:
Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու համաձայն, «Զաուահիրիի` Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան օդային հարուածով սպանութիւնը, 2011 թուականին Քայիտայի հիմնադիր Ուսամա պըն Լատենի սպանութենէն ի վեր խմբաւորումին ստացած մեծագոյն հարուածն է»:
Զաուահիրի Քայիտայի ղեկավարի պաշտօնը ստանձնած էր 2011-ին` Փաքիստանի մէջ Ուսամա պըն Լատենի սպանութենէն ետք: Ան սեպտեմբեր 2001-ին Նիւ Եորքի մէջ ահաբեկչական յարձակումի կազմակերպիչներէն մէկը կը նկատուէր:


