Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի բաժակակիր, Եւրոպայի գերբաժակակիր Ռէալ Մատրիտի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ երէկ ընտրուեցաւ 2021-2022 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Պենզեմա, որ այս տարի 5-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսին, 15 կոլով ճանչցուեցաւ մրցաշարքի լաւագոյն ռմբաձիգը:
Իսկ լաւագոյն մարզիչ ընտրուեցաւ Պենզեմայի մարզիչը` իտալացի Քարլօ Անչելոթթի:
Լաւագոյն ֆութպոլիստի եւ մարզիչի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, ուր կատարուեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2022-2023 տարեշրջանին վիճակաձգութիւնը:


