Միացեալ Նահանգներ, պատասխանելով Հիւլէական գործարքի` Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերականգնման վերաբերեալ Պրիւքսելի առաջարկած համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ Իրանի մեկնաբանութիւններուն, մերժած է Թեհրանի բոլոր լրացուցիչ պահանջները: Այս մասին երէկ հաղորդեց «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով իր աղբիւրին:
Աղբիւրին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն պնդել, որ Իրանի մէջ իւրանիոմի հարստացման մակարդակը պէտք չէ գերազանցէ 4 առ հարիւրը (2015 թուականի Իրանի հիւլէական համաձայնագիրին, համաձայն, իւրանիոմի հարստացման արտօնելի մակարդակը 3,67 առ հարիւր էր):
Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու պատասխանը կը բովանդակէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տեսուչներուն իրանեան հիւլէական կառոյցներ անարգել մուտք ապահովելու պահանջ:
Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը իր կարգին յայտնած է, որ Թեհրան պահանջած է համաձայնագիրի ծիրին մէջ ամրագրել, որ ամերիկեան կողմը պիտի չկարենայ միակողմանիօրէն դուրս գալ համաձայնագիրէն, ինչպէս 2018-ին ըրաւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Աղբիւրը մերժած է մանրամասնութիւններ հաղորդել, սակայն նշած է, որ իր կարծիքով, Միացեալ Նահանգներու արձագանգը «չ՛արդարացներ Իրանի ակնկալութիւնները»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս չորեքշաբթի օր լրագրողներուն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ աւարտած են Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերականգնման Եւրոպական Միութեան առաջարկներուն Իրանի պատասխանի ուսումնասիրութիւնը եւ Պրիւքսելին ուղարկած այդ հարցին վերաբերեալ իրենց միտքերը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի Զաֆին ըսած է, որ Թեհրան ստացած է Միացեալ Նահանգներու պատասխանը եւ սկսած զայն ուսումնասիրել:
Գործողութիւններու միացեալ եւ համապարփակ ծրագիրը Իրանի հետ ստորագրուած էր 2015 թուականին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներուն եւ Գերմանիոյ կողմէ` Իրանի հիւլէական ծրագիրին առնչուած ճգնաժամը յաղթահարելու նպատակով:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն բազմիցս յայտարարած է Ուաշինկթընի` Թեհրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրը վերականգնելու պատրաստակամութիւնը: Ռուսիան, Բրիտանիան, Գերմանիան, Չինաստանը, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան ապրիլ 2021-էն ի վեր Վիեննայի մէջ կը բանակցէին Իրանի հետ` հիւլէական գործարքը իր սկզբնական տեսքով վերականգնելու համար:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ երեկոյեան յայտարարեց. «Պիտի չաճապարենք համաձայնութիւն ստորագրելու, այնքան ատեն որ, որ իրանցի ժողովուրդի իրաւունքները երաշխաւորուած չեն»:
«Պատրաստ չենք անտեսելու Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ կատարուած կարգ մը անհիմն ամբաստանութիւնները», նշեց ան` աւելցնելով, որ Իրան «շատ լուրջ է հիւլէական համաձայնութեան մէջ երաշխիքներուն առնչուող մնացող հարցերուն նկատմամբ»:
Նախքան այդ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ «հիւլէական համաձայնութիւնը յառաջ կ՛ընթանայ, եւ իրանեան առաջարկին ամերիկեան պատասխանը տրամաբանական է»` նշելով. «Հիւլէական համաձայնութեան յաջողութիւնը շուկաներուն մէջ յաւելեալ քարիւղի գոյութիւն պիտի նշանակէ»:


