Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Հրթիռային Յարձակումներու Պատճառով Ամերիկացի 3 Զինուորներ Վիրաւորուած Են

August 26, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ երկու դիրքերու վրայ կատարուած հրթիռային յարձակումներէ ետք ամերիկացի 3 զինուորներ թեթեւօրէն վիրաւորուած են:

Հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Վիրաւորներէն մէկը տեղւոյն վրայ դարմանուեցաւ, եւ մնացեալ երկուքի վիճակին գնահատումը կը կատարուի»:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Իրանի կողմէ աջակցութիւն վայելող երկու կամ երեք կասկածելի զինեալներ սպաննուած են հրթիռային յարձակումին ամերիկեան հակադարձութեան պատճառով:

Սուրիոյ մէջ 900 ամերիկացի զինուորներ տեղակայուած են:

Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի օր ամերիկեան օդուժը հարուածած էր Տէր Զօրի մէջ իրանեան աջակցութիւն վայելող խմբաւորումներու կողմէ օգտագործուող կառոյցները` հակադարձելով 15 օգոստոսին, ամերիկացի զինուորներու վրայ, Ուաշինկթընի կարծիքով` իրանեան արտադրութիւն եղող անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներու:

Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան միացեալ առաքելութեան` «Տոկուն վճռակամութեան գործողութեան» հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ճոն Պրենըն յայտնեց. «Անցնող քանի մը շաբաթներուն ընթացքին արտաքին չարամիտ կողմեր դաշինքին եւ մեր գործընկերներուն դէմ հետզհետէ աւելի յաճախակի թշնամական արարքներ կատարեցին: Մենք աչք պիտի չփակենք այս անամօթ յարձակումներուն վրայ եւ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք` օգտագործելով մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները` պաշտպանելու համար մենք մեզ, մեր գործընկերներն ու անմեղ քաղաքայինները»:

«Այս չարամիտ արարքները պատճառ կը դառնան ուշադրութիւնը շեղելու ՏԱՀԵՇ-ի մնայուն պարտութիւնը երաշխաւորելու մեր հաւաքական արշաւէն, ինչպէս նաեւ անտեղի վտանգի կ՛ենթարկեն անմեղ քաղաքայինները», շեշտեց ան:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երէկ հաղորդեց, որ Միջազգային դաշինքի ուղղաթիռները ծանր գնդացիրներով Տէր Զօրի մէջ եւ վերջինիս արեւելքը գտնուող Մայատին քաղաքին մէջ իրանեան դիրքեր գնդակոծած են:

Նախորդը

Իրաքի Նինուէ Նահանգին Մէջ Թրքական Ուժերու Ռազմակայանը Հրթիռակոծուեցաւ

Յաջորդը

Ըստ «Արապիա»-ին. Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Հիւլէական Գործարքը Վերականգնելու Համար Իրանի Բոլոր Լրացուցիչ Պահանջները

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.