Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը երեքշաբթի օր օդային յարձակումներ գործած է Սուրիոյ Տէր Զօրի շրջանին մէջ` հարուածելով Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներ:
Կեդրոնական հրամանատարութեան հաղորդակցութիւններու բաժանմունքի տնօրէն գնդապետ Ճօ Փուչինօ յայտնեց, որ օդային յարձակումներուն թիրախները եղած են «Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին պատկանող խմբաւորումներուն օգտագործած ենթակառոյցները»:
«Նախագահ Ճօ Պայտընի ցուցմունքով ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ Տէր Զօրի շրջանին մէջ ճշգրիտ օդային յարձակումներ կատարեցին: Այդ ճշգրիտ հարուածներուն նպատակը ամերիկեան ուժերը պաշտպանելն ու զանոնք Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն կողմէ 15 օգոստոսին պատահածին նման ամերիկացի անհատներու վրայ յարձակումներէն զերծ պահելն է», աւելցուց Փուչինօ:


