Թուրք արդիւնաբերողներու եւ ձեռնարկատէրերու միութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութենէն նամակ ստացած է: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները զգուշացուցած են, որ թրքական ընկերութիւնները կրնան պատժամիջոցներու ենթարկուիլ, եթէ անոնք համագործակցին Ռուսիայէն անհատներու կամ ընկերութիւններու հետ, որոնք ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ են: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ առեւտուրի մեծագոյն ընկերակցութիւնը եղող Թուրք արդիւնաբերողներու եւ ձեռնարկատէրերու ընկերակցութիւնը (ԹՈՒՍԻԱՏ):
«ԹՈՒՍԻԱՏ-ը ինչպէս այսօր կը հաղորդուի տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարար Ատէուալ Ատեյէմոյէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ գործող ընկերութիւնները կրնան պատժամիջոցներու վտանգ դիմագրաւել, եթէ անոնք առեւտուր ընեն Ռուսիոյ մէջ անհատներու եւ ընկերութիւններու հետ, որոնց դէմ սահմանափակումներ հաստատուած են: Այս նամակը ներկայացուած է արտաքին գործոց նախարարութեան, ելեւմուտքի եւ առեւտուրի նախարարութիւններուն», կը հաղորդէ ԹՈՒՍԻԱՏ:
Նախապէս «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդած էր, որ 22 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը զգուշացուցած է ԹՈՒՍԻԱՏ-ը, որ թրքական ընկերութիւնները կրնան պատժամիջոցներու ենթարկուիլ, եթէ ի յայտ գայ, որ անոնք Ռուսիոյ կ՛օգնեն շրջանցելու ամերիկեան պատժամիջոցները:
21 օգոստոսին, «Հապերթիւրք»-ը հաղորդած էր, որ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներուն խոստացած է, որ Ռուսիոյ պիտի չարտօնէ շրջանցել պատժամիջոցները:


