ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ «Արեւմուտքը Քիեւին օժանդակելուն գինը պիտի վճարէ», սակայն նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը «այդ օժանդակութիւնը շարունակելու, հակառակ անոր որ դժուար առաքելութիւն է»:
«ՕԹԱՆ-ի եւրոպացի դաշնակիցներուն, Գերմանիոյ, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու կողմէ, ինչպէս նաեւ աշխարհի շուրջ շարք մը այլ երկիրներէ Ուքրանիոյ նկատմամբ աննախադէպ աջակցութիւն կը տեսնենք», ըսաւ ան:
Ան գերմանական ԶՏՖ պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին մատնանշեց Գերմանիոյ կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնը` յոյս յայտնելով, որ «գերմանական կառավարութիւնը աւելին պիտի տրամադրէ»:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը զգուշացուց. «Յառաջիկայ ձմեռը ծանր պիտի ըլլայ, եւ պատժամիջոցներուն պատճառով Ուքրանիոյ մեր տրամադրած աջակցութեան գինը պիտի վճարենք: Անշուշտ, Ռուսիան ուժանիւթը իբրեւ զէնք կ՛օգտագործէ, սակայն պէտք է հասկնանք, որ այլընտրանք չկայ»:


