Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Վանական Պաշտօններու Նոր Նշանակումներ

August 25, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս տեղի ունեցած միաբանական հաւաքի ընթացքին Արամ Ա. հայրապետը ողջունելով միաբան հայրերը` անգամ մը եւս յիշեցուց, որ մեր Սուրբ Աթոռին միաբանութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, մայրավանքին մէջ թէ թեմերէն ներս ծառայող միաբաններով: Վեհափառը շեշտեց, որ զանազան պաշտօններու կոչուած միաբան հայրեր կրնան փոխուիլ, սակայն ծառայութիւնը կը մնայ նոյնը, որուն ամբողջական նուիրումով կոչուած են բոլոր միաբան հայրերը` ըստ յարմարութեան ու իրենց ունեցած փորձառութեան: Ապա կաթողիկոսը միաբան հայրերուն ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը երեւոյթներ ու կատարեց հայրական թելադրութիւններ, որպէսզի միաբանութեան ծառայութիւնը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու արդիւնաւէտ: Իր հայրական խօսքի աւարտին վեհափառը կատարեց հետեւեալ նոր նշանակումները.

– Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան` Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) հոգեւոր հովիւ, կը վերադառնայ մայրավանք եւ կը միանայ Տեղեկատուական բաժանմունքին: Զինք կը փոխարինէ Եղիա աբղ. Մալխասեանը:

– Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեան եւ Ազատ աբղ. Ֆիլիկեան մաս կը կազմեն դպրեվանքի տեսչութեան:

– Սարգիս աբղ. Աբրահամեան մաս կը կազմէ Միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքին` ստանձնելով Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական յարաբերութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատուութիւնը:

–  Եզեկիէլ աբղ. Սելլումեան կը նշանակուի Զահլէի շրջանի (Լիբանան) հոգեւոր հովիւ:

– Առաքել աբղ. Գատէհճեան կը նշանակուի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչի օգնական:

– Արմէն աբղ. Գալաճեան կը նշանակուի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի եւ մայր տաճարի լուսարարապետի օգնական:

Վերոյիշեալ նոր նշանակումներուն առընթեր, վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ կաթողիկոսարանի այլ բաժանմունքներու պատասխանատուները բնականաբար կը շարունակեն իրենց աշխատանքը: Ան նաեւ յիշեցուց, որ քանի մը ամիսներ առաջ Արտակ ծ. վրդ. Արապեան (Արեւելեան թեմ), Պօղոս ծ. վրդ. Թինքճեան (Արեւելեան թեմ) եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան (Արեւմտեան թեմ) մեկնած էին Միացեալ Նահանգներ թեմական ծառայութեան:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին Զմմառ, 17-22 Օգոստոս 2022

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.