Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրովի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Թրքական Վարչակարգը Պէտք Է Հեռացնէ Իր Ուժերը Սուրիոյ Մէջ Իր Բռնագրաւած Հողերէն Եւ Դադրի Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Աջակցելէ» Կ՛ըսէ Մըքտատ

August 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց.  «Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող անջատողական միլիսները պէտք է գիտակցին, որ պէտք է իրենց հայրենիքին ու Սուրիոյ բանակին կողքին կանգնին` պաշտպանելու համար Սուրիոյ միասնականութիւնը»:

«Թրքական վարչակարգը պէտք է հեռացնէ իր ուժերը Սուրիոյ մէջ իր բռնագրաւած հողերէն եւ դադրի ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելէ ու Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտելէ», նշեց Մըքտատ:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իրենք ամբողջական վստահութիւն ունին բարեկամ Ռուսիոյ եւ Իրանի նկատմամբ, եւ Թեհրանի վեհաժողովի հաղորդագրութիւնը մեծ մասամբ կը բաւարարէ Սուրիոյ ձգտումները:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց. «Մենք սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին եւ այդ թղթածրարը չքաղաքականացնելու կարեւորութիւնը ընդգծեցինք»:

«Մենք կը մերժենք Սուրիոյ հարցերուն մէջ որեւէ արտաքին միջամտութիւն եւ անոր տագնապի քաղաքական լուծման կարեւորութիւնը կը շեշտենք», նշեց Լաւրով` շեշտելով. «Կը դատապարտենք Սուրիոյ վրայ կատարուած իսրայէլեան օդային յարձակումները»:

«Գոհ ենք Սուրիոյ եւ արաբական շարք մը երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնումէն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ուքրանիոյ մէջ մեր յատուկ գործողութեան զօրակցելուն համար», ըսաւ ան:

Խօսելով Քրեմլինի մօտիկ եղող ռուս մտաւորական Ալեքսանտր Տուկինի դստեր սպանութեան մասին` ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ այս բարբարոսական ոճիրը աններելի է: Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան գրասենեակը փաստեց իրականութիւնները, որոնց շուրջ ներկայիս հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ, եւ կը յուսամ, որ հետաքննութիւնը շուտ կ՛աւարտէ, եւ այդ հետաքննութեան հիմամբ, բնականաբար, կազմակերպիչներուն ու գործակալներուն նկատմամբ գութ չի կրնար ըլլալ»:

 

Նախորդը

Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումը Կարելի Նկատելով` Ուաշինկթըն «Խորապէս Մտահոգուած Է» Թուրքիոյ Հետ Սուրիոյ Հիւսիսային Սահմանին Վրայ Բռնութեան Բռնկումով

Յաջորդը

Սուրիոյ Հետ Երկխօսութեան Համար Նախապայմաններու Չգոյութիւնը Նշելով` «Շենկհայի Մէջ Սուրիոյ Հետ Ժողով Ծրագրուած Չէ, Եւ Ասատ Ժողովին Չէ Հրաւիրուած» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.