Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ղեկավարները Կը Շարունակեն Յանձնուիլ Ազրպէյճանի

August 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի երեք հայկական գիւղերէն շուրջ 150 ընտանիքներու իրենց տուներէն հեռացման Ազրպէյճանի հրամանը շա՜տ անհանգստացուցած է աշխարհասփիւռ  հայութիւնը:

Ազրպէյճանի վերջնագիրին պատճառով Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Սուս գիւղերու հայերը պարտաւոր են տեղափոխուելու Արցախի կամ Հայաստանի այլ վայրեր: 2020-ի պատերազմին կրած ջախջախիչ պարտութենէն  ետք  թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Արցախը կը տառապին վատ ղեկավարութիւններէ, որոնք գիւղացիները կը ստիպեն կատարելու Ազրպէյճանի պահանջը` լքել իրենց տուներն ու եկեղեցիները մինչեւ 25 օգոստոս:

Այս հիմնահարցին սկզբնաղբիւրը 10 նոյեմբեր 2020-ի համատեղ «յայտարարութիւն»-ն է, որ ստորագրուած է պատերազմի աւարտին` Հայաստանի վարչապետին, Ազրպէյճանի նախագահին եւ Ռուսիոյ նախագահին կողմէ: Թէեւ այդ «յայտարարութեան» առաջին տողին մէջ յայտարարուած էր «ամբողջական հրադադար», սակայն այս, բոլոր պատերազմներու պատմութեան մէջ, հրադադարի ամէնէն արտասովոր տեսակն է: Հակառակորդ բանակները իրենց հասած տեղը կանգ առնելու փոխարէն` հայկական կողմը համաձայնեցաւ Ազրպէյճանի յանձնել անոր  կողմէ չնուաճուած մեծ տարածքներ: Աւելի՛ն. Հայաստանի վարչապետը, առանց որեւէ լիազօրութեան, ստորագրեց փաստաթուղթ մը, որով զիջեցաւ հողեր, ներառեալ` Արցախի եւ անոր յարակից տարածքներուն մեծ մասը, որոնց նկատմամբ ան իրաւական լիազօրութիւններ չունէր: Ուստի, 10 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնագիրը պէտք է նկատել անվաւեր:

Այս համաձայնագրի 6-րդ կէտով ամրագրուած է. «Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդ որում` շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ: Կողմերու համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը վերստին կը հաստատուի` այդ երթուղին պաշտպանելու համար: Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու երթեւեկելու եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան ապահովութիւնը երկու ուղղութիւններով»:

Այս պարբերութիւնը, միւսներուն պէս, հարցեր ստեղծած է ոչ յստակ խմբագրման պատճառով: Այս համաձայնագիրի ստորագրումէն գրեթէ երկու տարի անց, որուն  ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները ունեցած են քանի մը դէմ առ դէմ հանդիպումներ, Հայաստանի կառավարութիւնը չէ փորձած յստակացնել 6-րդ կէտի լեզուն: Հայաստանի պաշտօնեաները հաստատելով Ազրպէյճանի ծրագիրները` անընդհատ կը կրկնէին, որ Լաչինի այլընտրանքային միջանցքը շրջանցելու երթուղին պէտք էր կառուցուէր միայն երեք տարի ետք, եւ որ` Ազրպէյճան հապճեպ կառուցեց այլընտրանքային երթուղիի իր հատուածը: Փաստօրէն 2020-ի համաձայնագիրին մէջ կ՛ըսուէր, որ այլընտրանքային ճամբան պէտք է շինուի ո՛չ թէ երեք տարի ետք, այլ` երեք տարուան ընթացքին: Հայաստան կը ծրագրէ ներկայ ամիսէն 250 օր ետք աւարտել Լաչին տանող այլընտրանքային ճամբու իր հատուածը:

Հայ պաշտօնեաները Լաչինի միջանցքը գտնուող հայկական երեք գիւղերու ընտանիքներուն կեղծ հաւաստիք տուած են` ըսելով, որ իրենք բաւական ժամանակ ունին իրենց հարցերը լուծելու համար, վստահեցնելով հայ գիւղացիներուն, որ կրնան մնալ իրենց տուները: Երբ Ազրպէյճան պնդած է, որ գիւղացիները պէտք է անյապաղ հեռացուին նշեալ գիւղերէն, հայ ընտանիքներուն տրուած է նուազ քան երեք շաբաթ, որպէսզի տեղափոխուին, առանց սակայն երթալիք տեղ ունենալու:

Իրավիճակը աւելի եւս սրելով` Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան հայկական երեք գիւղերու բնակիչները զգուշացուցած է, որ հեռանալէ առաջ եթէ այրեն իրենց տուները, պիտի չստանան խոստացուած 10 միլիոն դրամի (24 հազար տոլար) հատուցումը, որ բաւարար չէ նոր տուն մը գնելու համար: Նախարարը նկատի ունէր բազմաթիւ արցախահայերու գործելակերպը. անոնք կրակի տուած էին իրենց տուները 2020-ի պատերազմէն ետք, տուները լքելէ առաջ: Տուն այրելը սրտաճմլիկ որոշում է, բայց նոյնքան ցաւցնող` տունը ոխերիմ թշնամիին ձգելը: Այս շաբաթ դիտեցի սահմռկեցուցիչ  տեսանիւթ մը, թէ ինչպէ՛ս հայրը կ՛այրէ իր ընտանիքին տունը հեռանալէ առաջ: Ի՞նչ ակնկալիքներ ունէր նախարարը այս գիւղացիներէն. որ մաքրէին իրենց տունե՞րը, ճաշասեղանին վրայ ձգէին եփած կերակուրը շամփէյնի շիշո՞վ, իսկ դրան վրայ` ողջոյնի նշա՞ն, իրենց ազրպէյճանցի թշնամիներուն համար:

Առաւել. Ազրպէյճանի յանձնուած` Արցախի եւ անոր յարակից տարածքներու զգալի հատուածներուն, որոնք Ազրպէյճան չէր բռնագրաւած հրադադարի ժամանակ, 2020-ի պատերազմի աւարտէն ետք, Ազրպէյճան լրացուցիչ տարածքներ գրաւեց ինչպէս Արցախի, նոյնպէս ալ Հայաստանի սահմաններէն ներս: Աւելի՛ն. Ազրպէյճան, ի հեճուկս 2020-ի համաձայնագիրին, կը շարունակէ պահել հայ ռազմագերիներ, մինչդեռ Հայաստան հրադադարէն անմիջապէս ետք տխմարաբար յանձնած է ազրպէյճանցի բոլոր ռազմագերիները: Հայաստանի իշխանութիւնները ո՛չ միայն ջանքեր չեն գործադրեր հայ գերիներու վերադարձի եւ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման համար, այլեւ ո՛չ կը խօսին, ո՛չ ալ կը բողոքեն անոնց դէմ: Նախքան Իլհամ Ալիեւի  հրամաններէն որեւէ մէկուն կատարումը` Հայաստան պէտք է պահանջէ, որ Ազրպէյճան պահպանէ իր պարտաւորութիւնները, 2020-ի համաձայնագիրով: Հասկնալի է, որ պատերազմի մէջ պարտուելէ ետք Հայաստան կը գտնուի թոյլ եւ ենթակայ դիրքի մէջ: Սակայն հայ ղեկավարներու անկարողութեան պատճառով իրավիճակի սխալ կառավարումն ու թշնամիին բոլոր քմահաճոյքներուն եւ ցանկութիւններուն ենթարկուիլը անընդունելի է: Նման անողնաշար պահուածք մը կը խրախուսէ Ազրպէյճանը, որ պահանջէ եւ ստանայ աւելի՛ զիջումներ:

Հայաստանը Արցախին կապող Լաչինի միջանցքի փակումով Արցախ մնացած հայերը կը մեկուսացուին` շրջապատուած ըլլալով Ազրպէյճանի կողմէ: Այսպիսով, անոնք կը կորսնցնեն իրենց մուտքը Հայաստան, կը զրկուին ելեկտրականութենէ, ջերմութենէ եւ համացանցէ, ուշ կամ կանուխ կը կառավարուին Ազրպէյճանի կողմէ: Ցաւօք, 2020-ի պատերազմին պարտուելէ ետք Արցախ ու Հայաստան կը գտնուին անկումային վիճակի մէջ: Իրաւասու նոր ղեկավարներ գուցէ չկարենան շրջել Հայաստանի աղէտալի իրավիճակը, բայց գոնէ թոյլ չեն տար, որ անիկա աւելի եւս վատթարանայ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

«Կարմիր Գիծ»-ը Վաղուց Քաշած Ենք

Յաջորդը

Նշմար. Մանտելայի Ժառանգորդէն Պատգամ` Պլինքընի

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.