Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստան վեց մասնակից ունի Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ այսօր` շաբաթ, 20 օգոստոսին սկսելիք Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Էլինա Դանիէլեան, Աննա Սարգսեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Մարիա Գէորգեան:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական դրութեամբ, բաղկացած` 11 հանգրուանէ:
1-9-րդ դիրքերը գրաւողները պիտի ապահովեն 2023-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան տիտղոսակիրն է Էլինա Դանիէլեան:


