Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երէկ Պաալպեքի մէջ հիմնարկէքը կատարուեցաւ «Ժենթա» ժիհատական-զբօսաշրջական համալիրին:
Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց, որ «Ժենթա» եղած է Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան առաջին մարզումի կեդրոնը, ուր մարզուած են ու կազմաւորուած մեծ թիւով մարտիկներ:
Ան նշեց, որ ժամանակի ընթացքին «Ժենթա»-ի մարզումի կեդրոնը ընդարձակուած է եւ ընդգրկած նաեւ շրջակայ գիւղաքաղաքները, որոնք միշտ իսրայէլեան բռնարարքներուն թիրախ դարձած են:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրանեան հիւլէական թղթածրարին համաձայնութեան մասին շատ ըսի-ըսաւ կայ` աւելցնելով, որ երբեմն անոնք թափ կը ստանան եւ երբեմն կը նուազին:
«Սակայն կ՛ուզեմ ըսել բոլոր անոնց, որոնք հիւլէական թղթածրարը կը կապեն Լիբանանի ծովային սահմանագծումին հետ, իսկ Քարիշի նաւթահորը` Վիեննայի բանակցութիւններուն հետ, թէ անոնք կը սխալին: Ոմանք ամէն ինչ կը կապեն հիւլէականի համաձայնութեան եւ կը հաստատեն, որ Հըզպալլա իր սպառնալիքները յետս պիտի կոչէ, եթէ երբեք Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուի», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ծովային սահմանները, Քարիշը, նաւթն ու կազը ոչ մէկ կապ ունին հիւլէական թղթածրարին հետ` ո՛չ մօտէն եւ ո՛չ ալ հեռուէն, այդ համաձայնագիրը ստորագրուի կամ ոչ: «Եթէ սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնացը Լիբանանին տայ իր իրաւունքը, ապա մենք կ՛ուղղուինք դէպի խաղաղ քայլեր, այլապէս եթէ ամբողջ աշխարհը համաձայնի, սակայն Լիբանան իր իրաւունքներուն չտիրանայ, ապա կ՛ուղղուինք դէպի մագլցում եւ խնդիր», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին անդրադառնալու մաքսատնային տոլարի փոխարժէքին եւ նուազեցնելու զայն: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա վերապահ է այս որոշումին նկատմամբ` աւելցնելով, որ 20 հազար լ. ոսկիի սակը մեծ ոստում մըն է, որ կրնայ իր հետեւանքները ունենալ:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց նոր կառավարութիւն մը կազմելու ճիգերը շարունակելու:


