Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 15 տարեկանէն վար պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վալերիկ Մովսիսեան 67 քկ դասակարգին մէջ երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 254 քկ (120+134) հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Ասկէ բացի, ան 120 քկ արդիւնք մը արձանագրելուն շնորհիւ յաջողեցաւ արձանագրել նոր մրցանիշ մը:
Նշենք, որ Մովսիսեանէն առաջ Հայաստանի համար ոսկի մետալներ ապահոված էին նաեւ Միքայէլ Չոլակեան, Ալեքսանտրա Գրիգորեան եւ Սերիոժա Բարսեղեան, մինչ Ժորա Գրիգորեան տիրացած էր արծաթ մետալին:
Այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի չորեքշաբթի, 17 օգոստոսին:


