Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ եւ Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան վնասուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
33 տարեկան Մխիթարեան երէկ ենթարկուեցաւ բժշկական քննութեան եւ ի յայտ եկաւ, որ ան ձախ ազդրի վնասուածք ստացած է:
Յառաջիկայ օրերուն ան դարձեալ պիտի ենթարկուի քննութեան, որմէ ետք աւելի կրնայ յստականալ անոր ապաքինման ժամկէտը:
Նշենք, որ անոր կազմը 20 օգոստոսին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի մրցի Սփեցիայի դէմ:


