Քոսթառիքացի անուանի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս պիտի հեռանայ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենէն, այս մասին հաղորդեց միջազգային մարզական մամուլը:
Շատ հաւանական է, որ 35 տարեկան բերդապահը միանայ իտալական Նափոլիի, որ այժմ բանակցութիւններ կը կատարէ փարիզեան ակումբին եւ ֆութպոլիստին հետ:
Փարիզեան կազմին մարզչական խմբակը Նաւասին յայտնեց, որ այս տարեշրջանին խումբին հիմնական բերդապահը պիտի ըլլայ իտալացի Ճիանլուիճի Տոնարումա:


