Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենալքման Աղէտը…

March 3, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՀՈՐԻԶՈՆ»-Ի

Արտագաղթի պատճառով պետութեան մը բնակչութեան ժողովրդագրական գետնի վրայ նահանջը այդ պետութեան ազգային անվտանգութեան սպառնացող գործօն է:

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային վիճակագրական ծառայութեան վերջին մարդահամարին տուեալներով, 1980-ական թուականներէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով, երկրի բնակչութեան թուաքանակը երեք միլիոնի սահմանէն վար` 2.8 միլիոնի իջած է:

Եթէ անցեալին գաղթի հիմնական պատճառները պատերազմն ու շրջափակումն էին, ապա այսօր տնտեսական ճգնաժամը, աղքատութիւնը, անգործութիւնը, ցած կենսամակարդակը եւ ընկերային անարդարութեանց հետ կապուած շարք մը յոռի գործօններ յաւելեալ թափ կու տան հայրենալքման: Եթէ անցեալին գաղթի դիմող բնակչութեան ստուար տոկոսը քաղաքային բնակչութիւնն էր, ապա այսօր հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հիասթափուած հայ գիւղացին է հեռացողը: Եթէ անցեալին աշխատանք որոնող հայ բանուորն էր արտասահման հանգրուանողը, ապա այսօր երիտասարդ ուսանողներն ու բարձրագոյն կրթութեան տէր մասնագէտներն են, որոնք կրնային մեր երկրին մէջ մեծ ներդրում ունենալ:

Արտագաղթի հիմնահարցին հետ անմիջական աղերս ունի նաեւ արեւմտեան երկիրներ հաստատուող տարագիր հայ զանգուածներու արագընթաց ուծացման խնդիրը:

20-րդ դարու 1920-1980 ժամանակահատուածի 60 տարուան ընթացքին հայութեան թիւը եռապատկուած էր, մինչ այսօր, ժողովրդագրական գործընթացը գահավէժ ընթացքի մէջ է: Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան զարգացման ծրագրի 2010-ի տեղեկագրի տուեալներով, 1991-2010 Հայաստանը անվերադարձ լքած է 700 հազարէն մինչեւ մէկ միլիոն քաղաքացի, որուն մօտաւորապէս կէսը հայրենիքէն ընդմիշտ հեռացած է ՀՀՇ-ական իշխանութիւններու օրով: Այս ցուցանիշներով, պարզ թուաբանութեամբ, ուրեմն երկրի բնակչութեան գրեթէ մէկ երրորդը անէացած է…

20-ամեայ վերանկախացած հայրենիքին համար, իր արձանագրած շարք մը ձեռքբերումներուն ու յաջողութիւններուն զուգահեռ, խոցելի կէտ է երկրի հայաթափման երեւոյթը: Տագնապը շրջանցելու ուղղուած խոստումներն ու յայտարարութիւնները պատրանքներ են այլեւս, իսկ եթէ արտագաղթի դէմ պայքարելու ծրագիր ունի կառավարութիւնը, ապա անհեռանկարային ու թերի է: Արմատական լուծումներ առաջադրելու ատենն է, երկրի ժողովրդագրական հաւասարակշռութիւնը անխախտ պահելու խորաթափանց եւ ուսումնասիրուած հայեցակարգ յառաջացնելու եւ զայն գործադրելու ժամանակն է:

Ճգնաժամէն ելքը Հայաստանի իշխանութիւններու ձեռքն է, որոնք այս հարցին առնչութեամբ` ժողովրդային արտահոսքը կասեցնելու ուղղութեամբ ցարդ գործնական նախաձեռնութիւններ չեն իրագործած, ընդհակառակը, ներգաղթի եւ արտագաղթի բացասական հաշուեկշիռը գործող կառավարութեան տարիներուն աճ արձանագրած է: Յստակ է. այնքան ատեն որ երկիրը չէ բռնած տնտեսական կայուն զարգացման ուղին, ապա զանգուածային արտագաղթը յարատեւօրէն պիտի շարունակուի:

Կը գտնուինք ժողովրդագրական համատարած աղէտի մը դէմ յանդիման: Արտագաղթի իսկական հաշուեկշիռն ու համապարփակ վերլուծութիւնը ո՞վ պիտի կատարէ: Երկիրը հայաթափելու անդարմանելի ու կործանարար հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը ո՞վ պիտի կրէ. ժողովո՞ւրդը, որ անզօր է դիմակայելու տնտեսական ու կենցաղային դժուարութեանց, թէ՞ իշխանութիւնները, որոնք կրաւորական դիրքորոշումով պարզապէս ականատես կ՛ըլլան մայր հողի բնակչութեան արտահոսքին…

Հայութեան գոյատեւելիութեան դէմ ուղղուած այս օրհասին դէմ հաւաքական մեր ջանքերը համախմբելու պահն է: Զգաստանալու, ազգովին զօրաշարժի ենթարկուելու ու հայրենիքի ազգային անվտանգութեան սպառնացող այս նոր մարտահրաւէրը տոգորուն մարտունակութեամբ դիմագրաւելու անյետաձգելի պահն է:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Շատ Մեծ Նախաձեռնութեան Առիթով «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ճանաչումէն Հատուցում» (Անթիլիաս, 23-25 փետրուար 2012)

Յաջորդը

Պատրա՞ստ Ենք Մեր Բարձր Կրունկները Աղբանոց Ղրկելու…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.