Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Խորհրդարանականները Կառավարութենէն Պահանջած Են Դատապարտել Ազրպէյճանի Յարձակումները

August 12, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն շնորհիւ` Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամները 9 օգոստոսին դիմած են Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փոնի Վոնգին` պահանջելով դատապարտել ազրպէյճանական յարձակումները: Նամակը միասնաբար ստորագրած են Նիւ Սաութ Ուէյլզի օրէնսդրական համագումարի նախագահ Ճոնաթան Օդեան եւ օրէնսդրական խորհուրդի անդամ Ուոլթ Սեկորտը: Վերջինս Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահն է:

Նամակին մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կը կատարուի քաղաքացիական բնակավայրերու ուղղութեամբ ազրպէյճանական վերջին յարձակումներին եւ 2020 թուականի նոյեմբերին ձեւաւորուած շփման գիծը խախտելու ազրպէյճանական փորձերուն, ինչ որ յանգեցուցած է զոհերու ու վիրաւորումներու եւ խախտած մարդու շարք մը հիմնարար իրաւունքներ: Նամակը ստորագրած խորհրդարանականները աւստրալիական կառավարութենէն պահանջած են հրապարակայնօրէն դատապարտել ազրպէյճանական նախայարձակումը:

Ի շարս այլոց, նամակի հեղինակները նաեւ ընդգծած են, որ ազրպէյճանական վերջին յարձակումները, որոնք նպատակ կը հետապնդեն ցեղային զտման ենթարկել Բերձորի ու Աղաւնոյի շրջանները, ուրկէ կ՛անցնի Լաչինի միջանցքը, Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 7-րդ յօդուածի աղաղակող խախտում են:

Անդրադառնալով յիշեալ գրութեան` Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Մայքլ Քոլոքոսեան յայտարարած է. «Աւստրալիահայ համայնքին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ճոնաթան Օդեային եւ Ուոլթ Սեկորտին` բազմաթիւ միջազգային քաղաքական առաջնորդներու միանալու համար, որոնք կը ձգտին պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքները` փորձելով կանխել ինքնորոշուած Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակումները»:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

11 օգոստոս 2022

Նախորդը

Ռայիսի. «Իրան Զգայուն Է Կովկասեան Շրջանին Մէջ Իր Սահմաններու Հարցին Նկատմամբ Եւ Պիտի Հակազդէ Զանոնք Փոխելու Որեւէ Փորձի»

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Չէ Հաստատած Թուրք Դիւանագէտի Պնդումը, Թէ Ռուբինեան-Քըլըչ Յաջորդ Հանդիպումը Կը Նախատեսուի Սեպտեմբերին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.