Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքի փոխտնօրէն Իւան Նեչայեւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ Մոսկուայի ուշադրութեան կեդրոնը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Նիուզ» կայքը:
«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, վերջին մագլցումին առնչուած, արդէն իսկ կողմերուն զսպուածութեան եւ եռակողմ համաձայնութիւններու պահպանման կոչ ուղղած է: Բոլոր հարցերը, ներառեալ Լաչինի միջանցքի հարցը, պէտք է լուծուին անոնց հիման վրայ», ըսած է Նեչայեւ:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիան մնայուն կապի մէջ է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ: Ան ընդգծած է, որ ատիկա միջին ուղին է` գտնելու լուծումը, որ պիտի գոհացնէ բոլոր կողմերը:
Նեչայեւ յայտարարեց, որ Մոսկուա արդարացի չի նկատեր խաղաղապահներու հասցէին առանձին քննադատութիւնները:
«Քաղաքական աշխուժ քննարկումներուն զուգահեռ եռանդուն կերպով կ՛աշխատին նաեւ ռուս խաղաղապահները, որոնք անհրաժեշտ ջանքեր կը գործադրեն տեղւոյն վրայ կացութեան կայունացման ուղղութեամբ: Թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի մէջ նախապէս մէկ անգամ չէ, որ ընդգծած են ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կարեւոր դերակատարութիւնը: Խաղաղապահներուն նկատմամբ առանձին քննադատութիւնները արդարացի չենք նկատեր», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Իւան Նեչայեւ:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախորդ շաբթուան նիստի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հասցէին խիստ քննադատութիւն կատարած էր` ուղղակիօրէն յայտարարելով, որ Հայաստանը կ՛ակնկալէ զսպել Ազրպէյճանը:
Փաշինեան յիշեցուցած էր ազրպէյճանցիներու կողմէ Խծաբերդի ու Հին Թաղերու, Փառուխի գրաւումները` շեշտելով, որ իրադարձութիւնները զարգացած են ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ եւ անոնց արտօնութեամբ: Ան շփման գիծի երկայնքով զինադադարի խախտումները, Ղարաբաղի հայութիւնը խաղաղապահներու ներկայութեամբ ֆիզիքապէս եւ հոգեբանօրէն ահաբեկելու դէպքերը անընդունելի նկատած էր:


