Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ նոր պայմանագրութիւն մը կնքեց Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Տիեկօ Ժոթայի հետ:
Թէեւ անոնց միջեւ կնքուած պայմանագրութեան մանրամասնութիւնները չյայտարարուեցան, սակայն 25 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ 30 յունիս 2027 պիտի մնայ Լիվըրփուլ քաղաքի խումբին հետ:
Ժոթա, որ սեպտեմբեր 2020-ին անգլիական այլ ակումբէ մը` Վուլվզէն միացաւ Լիվըրփուլին` փոխան 45 միլիոն եւրոյի, ցարդ իր ակումբին հետ կատարած է 85 մրցում, նշանակած 34 կոլ եւ կատարած 9 էսիսթ:


