Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար. «Ոչ Օրինական Է Լաչինի Միջանցքը Այլ Երթուղիով Փոխարինելու Ազրպէյճանի Պահանջը»

August 4, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն երրորդ օրն է` Արցախի շփման գիծի որոշ հատուածներուն մէջ կը շարունակուի լարուածութիւնը:

Շփման գիծի լարուածութեան այս մթնոլորտին մէջ Ստեփանակերտ յայտնեց, որ Պաքու պահանջած է Արցախ-Հայաստան երթեւեկութիւնը նոր երթուղիով կազմակերպել: Յստակ չէր` ի՞նչ ժամկէտներու մէջ ու արդեօք հայկական կողմը համաձա՞յն է ազրպէյճանական կողմի պահանջին: Արցախի նախագահականէն ալ չպարզաբանեցին այս մասին:

3 օգոստոսին Պաքուի պահանջին անդրադարձաւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան` «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարելով, որ Արցախը Հայաստանի հետ կապող երթեւեկը Լաչինի միջանցքի փոխարէն այլ երթուղիով կազմակերպելու Ազրպէյճանի պահանջը օրինական չէ:

Վկայակոչելով 2020-ի Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմանի յայտարարութեան 6-րդ կէտը, ուր սահմանուած են Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի ստեղծման եւ գործունէութեան հետ կապուած հարցերը` Արմէն Գրիգորեան ըսաւ. «Կողմերու համաձայնութեամբ յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին կ՛որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապը ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը, ռուսական խաղաղապահ կառոյցի հետագայ վերաբաշխումով` այդ երթուղիի պահպանութեան համար»:

Գրիգորեան շեշտեց` այս պահուան դրութեամբ համաձայնեցուած ծրագիր գոյութիւն չունի, թէեւ, ըստ Հայաստանի անվտանգութեան քարտուղարին, այս ուղղութեամբ որոշակի աշխատանք կատարուած է:

«Յամենայն դէպս` Հայաստանը որեւէ ծրագիրի համաձայնութիւն չէ տուած, հետեւաբար Ազրպէյճանի պահանջը օրինական չէ», ըսաւ ան` նշելով, որ Հայաստան արդէն իսկ առաջարկած է եռակողմանի ձեւաչափով համաձայնեցնել եւ ստորագրել ծրագիրն ու համաձայնեցուած ժամանակացոյցով եւ ճամբու քարտէսով ընթանալ յառաջ:

«Ատիկա այն է, ինչ որ նախատեսուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեամբ», դիտել տուաւ Գրիգորեան` չյստակացնելով, թէ Հայաստանի առաջարկած ժամանակացոյցը ի՛նչ ժամկէտներ կը նախատեսէ:

 

Նախորդը

Քլաար Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայ-Ազրպէյճանական Կողմերու Միջեւ Լարուածութեան Նկատմամբ

Յաջորդը

Արարատ Միրզոյեան Դատապարտեց Իրավիճակի Ապակայունացման Ազրպէյճանի Փորձը

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.