ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Լիլա Արթինեան եւ զաւակը` Յովիկ
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Վերա Թագաճեան եւ զաւակունք` Սարին, Փաթիլ եւ Նաթալի
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Անի Պետիրեան եւ զաւակունք` Դալար եւ Հրակ
Տիար Յարութ Արթինեան եւ օրիորդ Դալար Աթէշեան
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Ալին Չիֆճեան եւ զաւակը` Միկել
Տիկին Սոնա Տիգփարմաքեան եւ զաւակը` Գէորգ
Արթինեան եւ Թագաճեան ընտանիքներ
Պետիրեան եւ Չիֆճեան ընտանիքներ
Աթէշեան եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Լեւոնեան եւ Հեքիմեան ընտանիքներ
Պատըր եւ Ճանճանեան ընտանիքներ
Սալիպի եւ Տիգրանեան ընտանիքներ
Տիգփարմաքեան եւ Իսկէնեան ընտանիքներ
Սալմանեան եւ Դարբինեան ընտանիքներ
Սեֆերեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ, մօրաքրոջ, քեռկինին եւ հարազատին`
ԱՆԱՀԻՏ ՉՈՒԼՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ, 1933-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 2 օգոստոս 2022-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 3 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ վերջ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ, ՊԻՔՖԱՅԱ
8-12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022
Հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 8-12 օգոստոս 2022-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ դասախօսական շարք մը` նուիրուած Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամին:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու հոգեպարար աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:
ԾԱՆՕԹ. – Մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մուտքին, Ս. Ագնէս վարժարանի մօտ, Զալքա (Թիքօ-Թիքօ) եւ Անթիլիասի մայրավանքին դիմաց:
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԵՐԹԱՀԻՄ ԱՒԱԳԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 7 օգոստոս 2022-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Խոհանոցի մէջ աշխատող հայ կիներ:
Հայկական եւ արաբական ճաշերու պատրաստութեան փորձառու եւ հմուտ ըլլալը` պայման: Հեռ. 81-290488:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը, ֆրանսերէն եւ անգլերէն գիտնալը` պայման, նաեւ պէտք է քաջածանօթ ըլլալ համակարգիչի ծրագիրներու գործածութեան:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել` [email protected]
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի վարպետ`
– Ադամանդաշարի
– Ոսկերիչի (սետեքեր)
– Ոսկի փայլեցնողի
Դիմել` հեռ. 03-207772 եւ 01-266514 թիւերուն:


