Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին երեք օրուան տեւողութեան վրայ, Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին եւ Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի տղոց եւ աղջկանց 2022 տարեշրջանի անհատական ախոյեանութեան մրցումները:
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը ախոյեանութեան աւարտէն ետք յայտարարեց, որ տեղական հինգ մրցանիշեր հաստատուեցան տարբեր տեսակի մրցումներու ընթացքին:
Ախոյեանութեան աւարտին տեղի ունեցաւ բոլոր մրցանակակիր մարզիկներուն մրցանակաբաշխութիւնը` Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահ Ռոլան Սաատէի եւ այլ անդամներու ներկայութեան:


