Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ շարունակուող Համաշխարհային Օլիմփիատի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Անգլիոյ դէմ, արձանագրեց իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը` 2,5-1,5 արդիւնքով:
Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մայքըլ Էտըմսի հետ:
Իրենց կարգին, հաւասարութիւններ արձանագրեցին նաեւ Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:
Հայաստանի յաղթական կէտը ապահովեց Հրանդ Մելքումեան, որ իր յաղթանակը արձանագրեց ճերմակ քարերով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստան այժմ 10 կէտով Հնդկաստանի երկրորդ խումբին հետ կը բաժնէ առաջին դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին, որ այս հանգրուանին մրցեցաւ Ինտոնեզիոյ դէմ, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աննա Սարգսեան եւ Մարիամ Մկրտչեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան` հաւասարութիւններ:
Հայաստանի աղջիկները այժմ 8 կէտով կը բաժնեն 7-17-րդ դիրքերը:


