Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Չինական Սպառնալիքին. Փելոսի Թայուան Կ՛այցելէ

August 3, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսին փոխադրող օդանաւը երէկ երեկոյեան էջք կատարեց Թայուանի մայրաքաղաք Թայփէի միջազգային օդակայան: Ճափոնական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ 8 ամերիկեան «Էֆ-15» տիպի հալածիչներ Ճափոնի մէջ գտնուող ամերիկեան  ռազմակայանէ մը թռիչք առած են` ընկերակցելու համար Թայուան ուղղուող Փելոսիի օդանաւին:

Փելոսի Թայփէի օդակայանին մէջ յայտարարեց. «Թայուան այցելութիւնս որեւէ ձեւով չի հակասեր (Չինաստանի նկատմամբ) ամերիկեան երկարատեւ քաղաքականութեան»:

«Թայուանի ղեկավարներուն հետ քննարկումները պիտի կեդրոնանան մեր գործընկերոջ աջակցութեան շեշտման եւ մեր հասարակաց շահերուն ամրապնդման վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի կեդրոնանան երկու ովկիանոսներու շրջանի անվտանգութեան ամրապնդման վրայ», նշեց ան:

«Միացեալ Նահանգներու կողմէ թայուանցի ժողովուրդին նկատմամբ զօրակցութիւնը այսօր աւելի կարեւոր է, քան որեւէ այլ ժամանակ», ըսաւ Փելոսի:

«Թայփէ այցելութիւնս կը հաստատէ Ուաշինկթընի` Թայուանի ժողովրդավարութեան նկատմամբ հաստատ աջակցութիւնը», ըսաւ ան` նշելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է շատ լաւ յիշէ Թայուանի պաշտպանութեան աջակցելու իր խոստումը, որովհետեւ անոր ժողովրդավարութիւնը մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Թայուանի մէջ ներկայ կացութիւնը փոխելու միակողմանի քայլերը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Փելոսիի Թայուան այցելութիւնը եւ զայն նկատեց «մէկ Չինաստան» սկզբունքի «վտանգաւոր ոտնահարում»` նշելով, որ Փելոսիի այցելութիւնը կ՛ոտնահարէ չին-ամերիկեան յայտարարութեան կէտերը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` «Չինաստանը վերահսկողութեան տակ առնելու համար Թայուանի խաղաքարտը չխաղալու»:

«Ամերիկեան այցելութիւնը Թայուանի անկախութեան ձգտող անջատողական ուժերուն սխալ նշաններ կը փոխանցէ», նշեց նախարարութիւնը` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն եւ Թայփէ «սադրանքներ» կատարած են, եւ Չինաստանը «ստիպուած է ինքզինք պաշտպանելու համար գործելու»:

«Արապիա» հաղորդեց, որ չինական իշխանութիւնները յայտարարած են. «Թայուանի օդային տարածքը փակուած է քաղաքային օդանաւերու համար, եւ այն օդանաւերը, որոնք պիտի խախտեն Թայուանի օդային տարածքին դէմ հաստատուած թռիչքի արգելքը կրնար վար առնուիլ»:

«Ժազիրա», յղում կատարելով Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, հաղորդեց. «Զինուորական որոշ գործողութիւններու պիտի սկսինք` հակադարձելով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի Թայուան այցելութեան»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չժաօ Լիցզիան քանի մը օր առաջ յայտարարած էր. «Չինաստանի իշխանութիւնները արդիւնաւէտ ուժ պիտի կիրարկեն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի Թայուան այցելութեան պարագային»:

«Եթէ Փելոսին այցելէ Թայուան, ատիկա կոպիտ միջամտութիւն պիտի ըլլայ Չինաստանի ներքին քաղաքականութեան… Եւ պիտի յանգեցնէ շատ լուրջ հետեւանքներու: Չինաստանի բանակը ձեռքերը ծալած պիտի չնստի», ընդգծած էր ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Դիւանագէտին կարծիքով` Փելոսիի Թայուան այցելութիւնը պիտի ապակայունացնէ Թայուանի նեղուցին մէջ տիրող կացութիւնը եւ հարուած հասցնէ Չինաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն:

«Չինաստան անպայման պիտի ձեռնարկէ ուժեղ եւ արդիւնաւէտ հակաքայլերու», ըսած էր Չժաօ Լիցզիան:

 

Նախորդը

Քրեմլին Տեղեկացուցած Է, Թէ Փութինն Ու Էրտողանը Սոչիի Մէջ Ի՛նչ Պիտի Քննարկեն

Յաջորդը

Քայիտայի Ղեկավար Զաուահիրի Սպաննուեցաւ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.