Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Գործողութեան 39-Ամեակին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Արամ Սոմունճեանի Արտասանած Խօսքը

August 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Սոմունճեան

27 յուլիս 1983-ին Լիզպոնի 5-ը` Սագոն, Սիմոնը, Սեդրակը, Վաչէն եւ Արան, հայոց պատմութեան էջերուն մէջ ոսկեայ տառերով եւ հայրենիքին, ազգին ու Դատին համար թափած արեամբ գունաւորած են պանծալի էջ մը… Էջ մը, որ կը պոռթկայ դարերու ստրկութեան դէմ եւ կը ճեղքէ բռնակալութեան շղթաները, էջ մը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ, էջ մը, որ յանձնառութիւն եւ յարգանք կը պարտադրէ:

Լիզպոնի գործողութիւնը փաստ մըն է, որ դատ մը շահելու համար պէտք է ամբողջովին հրաժարիլ անձնական ամէն տեսակ մօտեցումէ ու շահէ` մեծ թէ փոքր, եւ առաջնահերթ ու հիմնական նկատել ՄԻԱՅՆ հաւաքականը: Անձնազոհութեան գերագոյն իտէալը կը մարմնաւորուի, երբ անհատը գիտակցաբար ու համոզումով իր իսկ կեանքէն կը հրաժարի, որովհետեւ իր մահուամբ կերտուելիք ապագան շատ աւելի արժէքաւոր, վեր ու բարձր է: Լիզպոնի 5 անձնազոհ հերոս տղաքը լաւապէս գիտակցեցան, որ անձնականէն աւելի կարեւոր է հաւաքականը, այս պարագային` հայութեան եւ Հայաստանի շահերն ու յաղթանակները:

Դեռ աւելի՛ն. որքան ոգեշնչող է, որ նոյնիսկ երբ զրկուած ես հայրենիքէն, կեանքդ կը նուիրաբերես անոր եւ անոր դատին ի խնդիր. հայրենիք չտեսած` կը խոստանաս հայրենիքը տեսնելու ուրախութիւնը շնորհել յաջորդ սերունդներուն:

Մենք` ամբողջ հայութեամբ, առանց որեւէ շերտաւորումներու, պարտաւոր ենք յարգել Լիզպոնի տղոց յիշատակը, որովհետեւ անոնք պայքարեցան մեր ոխերիմ թշնամիին` թուրքին դէմ եւ իրենց կեանքերը զոհեցին Հայ դատին համար: Այդ ոխերիմ եւ արիւնարբու թշնամին այսօր կը մնայ նոյնը: Ան իր կրտսեր եղբօր` Ազրպէյճանին հետ որեւէ ճիգ չի խնայեր հարուածելու Հայաստանը, Արցախը եւ հայութիւնը: Վերջին երկու տարիներու իրերայաջորդ դէպքերը կ՛ապացուցեն, որ անոնք ունին տակաւին նոյն նկրտումները եւ ձգտումները:

Լիզպոնի գործողութենէն 39 տարիներ ետք, այսօր, ազգովին կը գտնուէինք անկիւնադարձային եւ ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը մէջ: Հայաստանը ոչ միայն շրջապատուած է թշնամիներով, այլեւ իշխանութեան վրայ գտնուող ղեկավարութիւնը օրէ օր հարուածներ կը հասցնէ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Արցախի կարեւոր մասի կորուստէն ետք, ահաւասիկ, ամէն օր Հայաստանի սահմանները ոտնահարելու եւ հողատարածքներ զաւթելու թշնամիին վարքագիծը կը դառնայ տեսանելի փաստ: Անշուշտ տարածաշրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ միջպետական ու մեծապետական սակարկութիւնները Արցախը եւ Հայաստանը նկատի կ՛ունենան տկար օղակ: Սակայն այս բոլորէն առաջ եւ բոլորէն անդին` զարմանալին Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած վարքագիծն է: Հայրենիքի կորուստի համազգային վտանգը հետեւողականօրէն կ՛անտեսուի այս վարչախումբին կողմէ, եւ ան ճիգ չի խնայեր այդ անտեսումի մթնոլորտը խորացնելու հասարակութեան մէջ:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները թրքական եւ ազերիական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը կասեցնելու փոխարէն, օրէ օր կը խորացնեն իրենց բռնապետական ու հակաժողովրդավար վարքագիծը` անտեսելով հայութեան եւ հայրենիքին դէմ ծաւալող վտանգները: Այսպէս, 13 յուլիսի երեկոյեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի` Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտքի արգելքը ապացոյց մըն է այս իշխանութիւններու այլամերժ քաղաքականութեան: Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբին որդեգրած ապազգային ու հայավնաս ընթացքը այլեւս կը սպառնայ հայրենիքի լինելիութեան եւ անոր պետական, սահմանադրական ու ժողովրդավար հիմքերու քայքայման:

Պատահական չէ նաեւ արարքին պահը, երբ այսպէս կոչուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը թեւակոխեն վտանգաւոր փուլ, եւ Նիկոլ Փաշինեան թշնամիին դիմաց կքած` ամբողջական պատրաստակամութիւն կը դրսեւորէ բարի դրացիական յարաբերութիւններու մշակման` ոտնակոխելով հայ ժողովուրդի դարաւոր իրաւունքները եւ այդ իմաստով տասնամեակներ շարունակ ծաւալած Հայ դատի պայքարին ձեռք բերած նուաճումներն ու այդ ճամբուն վրայ կատարուած հսկայական զոհողութիւնները, որոնցմէ ամենայատկանշական գործողութիւններէն մէկը կը յիշատակենք այսօր:

Այս արարքը մեզի կը յիշեցնէ Հայաստանի առաջին նախագահի վարչակարգին կողմէ շղթայազերծուած հակադաշնակցական պայքարը, հալածանքը եւ արտաքսումը, որուն հիմնական նպատակն էր լռութեան մատնել հայութեան պահանջատիրական երթին հաւատարիմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Նոյն այս նպատակը կը տեսնենք այս նորօրեայ պայքարին մէջ, որ արդէն իսկ ժամանակէ մը ի վեր կը յամենայ: Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան նախաձեռնութիւններուն մասնակցած մեծ թիւով դաշնակցականներ այսօր կը շարունակեն մնալ բանտերու մէջ` առանց իրաւական համապատասխան գործընթացներու կիրարկման:

Վերջին ժամանակաշրջանին, Փաշինեանի ու իր յանձնակատարին կողմէ սփիւռքի մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարքագիծը ժողովրդայնացնելու առումով, պետական ամբողջ վարչամեքենան լծուած է բացայայտ աշխատանքի եւ փորձ կը կատարէ սփիւռքեան աւանդական կառոյցները գրոհելու ու իր նպատակներուն իրականացման համար նոր յենակէտեր կառուցելու: Այս իսկ դիտանկիւնէն պէտք է տեսնել սփիւռքի մէջ հասարակական գործիչի եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող մարմինի ներկայացուցիչին հանդէպ սահմանուած այս արգելքը, որ կու գայ ջուր լեցնելու նոյն ազգավնաս վարքագիծին:

ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցին համար Հայ դատի պահանջատիրութիւնը կը շարունակէ մնալ գաղափարական գերագոյն արժէք, եւ ան այդ արժէքին վրայ խարսխուած կը տեսնէ Հայաստանի ու հայութեան հզօրացումը եւ համահայկական մեր իտէալներու իրականացումը: Հետեւաբար Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած այս տխրահռչակ քայլը կը նկատէ այդ պահանջատիրական երթը խոչընդոտելու, Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով յառաջացած սփիւռքը տկարացնելու ու իր մենատիրական նկրտումներուն համար կարելիութիւններ ստեղծելու անհեռատես եւ ի սկզբանէ ձախողութեան մատնուած արարք:

Մենք` որպէս լիբանանահայութիւն, բազում փորձութիւններէ անցած ու այդ փորձութիւններուն ճամբով կենսափորձ նուաճած ըլլալով` պիտի շարունակենք մնալ ազատ, անկախ ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի տեսլականի անկեղծ զինուորը եւ այսօրուան արցախեան ու հայաստանեան տարածքներու ճակատներուն վրայ արձանագրուած պարտութիւնները կը նկատենք ժամանակաւոր եւ կը հաւատանք հայութեան յարատեւ կռիւի յաջողութեան:

Վերջապէս, թշնամիներու կողմէ գծուող նոր քարտէսները չեն կրնար իբրեւ ընդունուած իրականութիւն ընկալելի դառնալ հայաշխարհին կողմէ, եւ Հայաստանն ու Արցախը պարտութեան առաջնորդած ներկայ իշխանութեան վարչախումբը օր առաջ պարտաւոր է անսալու համայն հայութեան պահանջին, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդներու թափած թանկ արիւնն ու քրտինքը ի զուր հոսած չըլլայ, եւ հայութիւնը յաջողի վերակերտել իր ազգային արժանապատուութիւնը:

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 74

Յաջորդը

Լիզպոնի Գործողութեան 39-Ամեակի Ոգեկոչման Օրուան Բանախօս Անի Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.