Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 77-ամեակին առիթով, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն իր օրուան հրահանգը ուղղեց բանակայիններուն` շեշտելով, որ 77 տարիէ ի վեր բանակը պատուով, զոհողութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը ծառայէ Լիբանանին` իր լաւագոյն տղաքը զոհաբերելով ի խնդիր երկրին պաշտպանութեան, ժողովուրդին արժանապատուութեան եւ ապահովական կայունութեան:
«Լիբանանեան բանակը իր առաքելութեան եւ երթին մէջ վկայեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց ընթացքին բանակը մնաց ամուր միջնաբերդը, հայրենիքը բաղկացնող բոլոր շերտերը միաւորող հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան գոյութեան սպառնացող վտանգները վանող հիմնասիւնը», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն բանակայիններուն յայտնեց, որ անոնք կը դիմագրաւեն արտակարգ պայմաններ եւ կը տառապին այնպէս, ինչպէս կը տառապի լիբանանցի ժողովուրդը` երեք տարի առաջ ծայր առած տնտեսական ու ելեւմտական տագնապէն: «Այս տագնապը վերջերս սրած է եւ պատճառ դարձած պետական մարզի անդամալուծութեան, որ իր կարգին տարբեր մարզերու մէջ պատճառած է ժխտական ազդեցութիւններ: Միակ հաստատութիւնը, որ տակաւին միասնական է եւ պատրաստ` հայրենիքին եւ ժողովուրդին նկատմամբ իր բոլոր պարտականութիւնները ստանձնելու, լիբանանեան բանակն է: Զոհողութիւնը մեր կարգախօսին մաս կը կազմէ, սակայն մենք զայն վերածած ենք մեր կենցաղին անմասնատելի մէկ բաժինին եւ կառչած ենք անոր: Մենք մեր ժողովուրդը յուսախաբ չենք ըրած եւ ոչ ալ կ՛ընենք, ինչքան ալ դժուար ըլլան պայմանները եւ խիստ դառնան մարտահրաւէրները: Լիբանանեան բանակը պիտի մնայ Լիբանանի հիմնասիւնը: Պիտի չարտօնենք, որ ապահովութիւնը ցնցուի կամ սադրանքն ու քաոսը ներթափանցեն ներքին լիբանանեան կեանքին մէջ: Կը յուսանք, որ քաղաքական լուծումները պիտի կարենան փրկել Լիբանանը` քանդումէ եւ քայքայումէ, որպէսզի լիբանանցի երիտասարդները դարձեալ վստահին հայրենիքին եւ ծաղկեցնեն ու բարգաւաճեցնեն երկիրը: Լիբանան արժանի է իր զաւակներուն եւ երիտասարդներուն, որովհետեւ անոնք անփոխարինելի գանձեր են: Թող որ Լիբանանը վերակառուցելու երազը աւելի հզօր ըլլայ, քան` արտագաղթի երազը», շեշտեց բանակի հրամանատարը:
Զօր. Աուն բանակայիններուն հաստատեց, որ իրենք փաստած են` նախ իրենց անձերուն, ապա հրամանատարութեան եւ ժողովուրդին, որ վստահութեան արժանի են եւ պատասխանատուութեան տէր: «Դուք անվախ կերպով կը պաշտպանէք հայրենիքը եւ ժողովուրդը, սահմանները եւ լեռները եւ արիւն կը թափէք հայրենիքի փրկութեան համար: Ներկայիս դուք ձեր մարմինով կը պայքարիք Լիբանանի գոյատեւման ի խնդիր, որովհետեւ գիտէք, որ Լիբանանը ձեր կարիքը ունի: Ձեր կամքի ուժը մեծ է եւ անիկա կու գայ ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած սիրով եւ վստահութեամբ, ինչպէս նաեւ ձեզի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած վստահութեամբ: Լիբանանեան բանակը պիտի մնայ ու Լիբանան պիտի գոյատեւէ: Մնացէ՛ք պատրաստ` դիմագրաւելու բոլոր վտանգները, ինչպէս դիմագրաւեցիք թշնամի Իսրայէլի սպառնալիքներն ու մեր բնական հարստութիւններուն նկատմամբ անոր սուր ախորժակը եւ ահաբեկչութիւնը, որ մնայուն կերպով առիթ կը փնտռէ իր սեւ գործը կատարելու: Կարելի չէ մոռնալ նաեւ թմրեցուցիչի վտանգը, որ կը սպառնայ մեր երիտասարդներուն եւ անոնց ապագային», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն աւելցուց նաեւ, որ բանակը յանձնառու կը մնայ լիբանանեան հիմնահարցերուն լուծման եւ նախանձախնդիր է լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքին, յատկապէս ծովային սահմանագծումի, ինչպէս նաեւ միջազգային որոշումներուն գործադրութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցելու առումով:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը լիբանանցիներուն միակ փրկութիւնն է` աւելցնելով, որ բանակը իր երդումին եւ նահատակներուն հաւատարիմ պիտի մնայ, որքան ալ պայմանները դժուար ըլլան եւ պատասխանատուութիւնները ծանր: «Կը հաւատանք, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը պիտի լուծուի, մինչ այդ սակայն տագնապին դէմ գոյատեւումը կը մնայ անոր դիմադրելու բանալին: Մեր բացարձակ առաջնահերթութիւնը կը մնայ բախումներէ եւ ամբաստանութիւններէ հեռու ըլլալ եւ չարտօնել, որ բանակը անձնական եւ կասկածելի նպատակներու միջամուխ դառնայ: Մեզի համար կարեւորը բանակին միասնականութիւնն է եւ անոր առաքելութեան գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը», հաստատեց ան:


