Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտահայերէնն ու Համշէնի Բարբառը Միասնաբար Կը Հնչեն «Լուսի Հատիկ» Երգի Մէջ

July 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ, որ երաժշտասէրներուն ծանօթ է արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն երգերու իր գեղեցիկ կատարումներով, եւ Այշէնուր Քոլիվար, որ երկար տարիներէ ի վեր կ՛ուսումնասիրէ Սեւ ծովու արեւելեան շրջաններու երաժշտութիւնը, միասնաբար կատարեցին «Լուսի հատիկ» երգը, որ արդէն իսկ հրապարակուած է թուային հարթակներու վրայ:

«Լուսի հատիկ» երգի յօրինումը կը պատկանի Արի Հերկելի, որ կատարած է նաեւ գործիքաւորումը: Երգի արեւմտահայերէն խօսքերու հեղինակն է լիբանանահայ բանաստեղծ Աշոտ Բագրատունի, իսկ համշէնի բարբառով խօսքերը գրառած է համշէնցի գրագէտ Մահիր Էօզքան:

Երգին տեսահոլովակը պատրաստուած է Էօզքան Աքսուլարի ղեկավարութեամբ: «Լուսի հատիկ» երգը, որ արեւմտահայերէնով ու համշէներէնով մարդկութիւնը բարութեան կը հրաւիրէ, երաժշտասէրներու ներկայացուած է ստեղծագործութեան արտադրութիւնը ստանձնած «Քալան» երաժշտական ընկերութեան YouTube-ի ալիքին վրայ: Երգը ունի անգլերէն, արեւելահայերէն եւ թրքերէն ենթագիր թարգմանութիւններ, ինչպէս նաեւ` ձայնային նկարագրութիւն ու ժեսթերու լեզուով թարգմանութիւն:

Միաւորելով նոյն լեզուի երկու տարբեր արտայայտութիւնները, որոնք, նոյն տարածքին ապրելով հանդերձ, հեռու մնացած են իրարմէ, երգը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ արեւմտահայերէնի ու համշէներէնի հարազատութեան վրայ, նաեւ կը յիշեցնէ, որ այս երկուքն ալ կը գնահատուին որպէս անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներ:

Սիպիլ միջազգային ճանաչում կը վայելէ հայ ժողովրդական երաժշտութեան մարզէն ներս կատարած իր գործերով, իսկ Այշէնուր Քոլիվար իւրօրինակ կատարումներով կը մշակէ Սեւ ծովու արեւելեան շրջաններու բազմամշակոյթ արուեստը: Անոնք միասնաբար յոյսի ձայնը կը փոխանցեն «Լուսի հատիկ» երգին հետ, որ միաժամանակ գարնան զարթօնքը կը խառնէ Վարդավառի խանդավառութեան:

Երգը կարելի է ունկնդրել այցելելով https://www.youtube.com/watch?v=4j38IwZCtaM կայքը:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (28 Յուլիս 2022)

Յաջորդը

Սփիւռքը` Մնայո՞ւն, Թէ՞ Անցողակի Ներկայութիւն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.