Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մուրատ Փափազեանի Մուտքը Արգիլելու Իրական Պատճառները 3 Են»

July 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մուրատ Փափազեանի մուտքը արգիլելու իրական պատճառները 3 են», այս մասին «Երեւան.ԹուՏէյ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստանի տարածք արգիլելու փաստին:

Նշելով պատճառները` Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ.

«Առաջինը` Նիկոլը իր այդ քայլով կը փորձէ հաճոյանալ թուրքերուն` ցոյց տալով, որ տեսէք ինչպէս կը հարուածեմ Հայ դատի պաշտպանները. ասիկա յստակ ուղերձ էր թուրքերուն` զանոնք սիրաշահելու, անոնց հաճոյանալու առումով, ինչպէս նաեւ ան այդպիսով Հայաստան-սփիւռք` իր իշխանութեան օրով սկիզբ առած պառակտումը կը խորացնէ, որովհետեւ ատիկա եւս թուրքերուն հաճոյանալու կարեւոր քայլ է իրեն համար:

Երկրորդ պատճառը այն է, որ այդ քայլով կ՛ուզեն վախցնել միւս սփիւռքահայ գործիչները եւ ցոյց տալ, որ բոլոր անոնք, որոնք սփիւռքի մէջ դիմադրութիւն կը ձեւաւորեն Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ, ինչպէս նաեւ այս իշխանութիւններուն կը յիշեցնեն իրենց դաւաճանութեան մասին ու կը պայքարին այս դաւաճան կառավարութեան դէմ, անցանկալի անձ կրնան նկատուիլ Հայաստանի մէջ: Եւ երրորդը` այդպիսով ան դրսեւորեց իր հերթական հակադաշնակցական քայլը եւ գործողութիւնը: Ի դէպ, Նիկոլի պայքարը Դաշնակցութեան դէմ կու գայ իր թրքասիրութենէն: Մեր դէմ այսպէս ջանասիրաբար տարիներ շարունակ պայքարած են թուրքերն ու ազրպէյճանցիները, ուստի` դաշնակցական գործիչներու դէմ պայքարելու իր այս մոլուցքին պատճառը զուտ թրքասիրութիւնն է, եւ այս առումով ասոնք բոլորը իրար գաղափարակից են»:

Ըստ Սաղաթէլեանի, վերոնշուածներն են Մուրատ Փափազեանը հայրենիքի մէջ անցանկալի անձ ճանչնալու հիմնական պատճառները, իսկ մնացածը անկարեւոր խօսքեր, որոնցմով Փաշինեանի իշխանութիւնը կը փորձէ արդարացնել իր ապօրինի, հակասահմանադրական եւ հերթական ճղճիմ գործողութիւնը:

«Մէկ տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ ցոյց տեղի ունեցած է, եւ դեռ պարզ չէ` Մուրատ Փափազեանը այդ ցոյցին մասնակցա՞ծ է, թէ՛ ոչ: Մէկ տարուան ընթացքին քանի մը անգամ ան եկած է Հայաստան, եւրոպացի կարեւոր պաշտօնեաներու ուղեկցած. որեւէ բան տեղի չէ ունեցած, եւ յանկարծ` Փափազեանին կ՛արգիլեն սփիւռքի մէջ «Դիմադրութիւն» շարժման պայքարի աշխուժացման փուլին մէջ: Բնականաբար, այս համընկնումը պատահական չի կրնար ըլլալ: Հետեւաբար` իշխանութեան բացատրութիւնները ծիծաղաշարժ պիտի թուէին, եթէ խորքին մէջ ողբերգական չըլլային, իսկ իրական պատճառները վերը նշեցի», եզրափակեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Նախորդը

Սերտար Քըլըճ Կարս Այցելած Է

Յաջորդը

Գերմանական Որոշ Ընկերութիւններ Վառելանիւթի Սղաճին Պատճառով Կը Կրճատեն Արտադրութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.