Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրախութեան Բանալին

July 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հաճելի է բնակիլ ծննդավայրիդ մէջ. այնտեղ, որ կը ճանչնաս, կը սիրես, եւ որուն կը պատկանիս: Սակայն տարբեր մակարդակի է այն հաճոյքը, որ կը զգանք, երբ երկար ժամանակ կ՛ապրինք տարբեր երկրի մը մէջ եւ յանկարծ համեմուած աչքով կը տեսնենք մեզի ծանօթ վայրերն ու անձերը: Առ այդ, շատ քիչ ճամբորդութիւններ կը գերազանցեն վերադարձը դէպի մեր ծննդավայրը: Նախ` անձի մը հեռաւոր երկիրն ու կեանքը իր փայլքը կը կորսնցնէ, երբ ան կը վերադառնայ իր առաջին բառերուն, քայլերուն ու մտածումներուն աղբիւրը: Երբ կը վերյիշէ այդ հողին վրայ ու երկնքին տակ կերտած բարեկամութիւնները,  ապրած խնդուքներն ու լացերը, անիմաստ կը թուի կեանքը այլ երկրի ափերուն: Իսկ կարեւորագոյնը`  ծննդավայր վերադարձը առիթ կ՛ընծայէ բաղդատելու երկրին, հին բարեկամներու ու ընտանիքի անդամներու, ծանօթ ու անծանօթ կացութիւններու եւ վայրերու յառաջացումն ու փոփոխութիւնները տարիներուն ընթացքին: Նոր երկրի փորձառութիւններով ու դասերով ընդլայնած` մեր միտքը կարողութիւնն ու կարելիութիւնը կ՛ունենայ քննադատելու ու բարեփոխելու մեր ու ծննդավայրի երկարատեւ բնակիչներուն ներկան:

Իւրաքանչիւր անձ պէտք է մնայ հոն, ուր հոգին հանգիստ է, եւ ոչ` հոն, ուր պէտք է համակերպի: Սակայն եթէ յաւիտենապէս այդպէս ապրինք, կը զրկուինք լայնամիտ ու ամբողջական տեսանկիւնէ, հակասող կենցաղներու գիտութենէ ու յառաջանալու բախտէն: Առանձնութիւն սիրողը կը մնայ մինակ, իսկ բազմութիւն սիրողը` միշտ շրջապատուած: Սակայն, այսպիսով առաջինը չի համտեսեր հաճոյքը անվերջ հաւաքոյթներու, իսկ երկրորդը` հանդարտութիւնը առանձնութեան: Իւրաքանչիւրը կը հաւատայ, որ իր կենցաղը լաւագոյնն է` առանց իսկական գաղափար ունենալու տարբեր կեանքի տեսակներու մասին: Առաւել եւս, իւրաքանչիւրը կը կառչի իրեն ծանօթ միջավայրին: Այս կը պարտադրէ անբախտ երկրի մը բնակիչին` մնալու երկարակեաց կաշկանդումի մէջ, իսկ բախտաւոր երկրին բնակիչին` մնալու շահաբեր: Այսպիսով, վատնած կ՛ըլլանք կարելիութիւնը ամբողջ մարդկութեամբ վայելելու կեանքի որակի բարձրագոյն մակարդակը, երազանքներու անսանձ սլացումը ու աստղերու փայլքը խոնարհեցնող փայլուն ապագաներ:

Յատուկ նուէր է կարողանալ բաժնեկցիլ տարբեր երկրէ մը քաղուած դիտանկիւններն ու դիտողութիւնները ծննդավայրի մէջ բնակող անձի մը հետ: Արժէքաւոր գանձ են ծննդավայրին բնակիչներուն կենցաղին ու բնաւորութեան մասին վերլուծումներն ու դուրսի կարծիքները, մանաւանդ` այնպիսի մարդոց համար, որոնք ներկայիս կ՛ապրին ու միշտ ապրած են նոյն տեղը եւ արդէն ընդունած են իրենց լաւ ու վատ պայմանները` իբրեւ իրենց յարմարագոյնը: Մարդիկ, որոնց կեանքի անպէտք մարտահրաւէրներն ու սխալ մտայնութիւնները այլեւս դարձած են սովորական, անփոփոխելի ու «շիտակ»: Պէտք չէ առանց անձնական փորձառութեան հաստատել, որ դուրսը ծննդավայրէդ աւելի լաւ կամ վատ է. երկուքն ալ հաւասար հաւանականութիւն ունին: Միայն դուրսը երկարատեւ ապրելով պիտի կրնանք գիտնալ պատասխանը այդ հանելուկին: Սակայն կ՛արժէ այդ փորձը կատարել, որովհետեւ դուրսէն ներս դիտելը կը խոստանայ հսկայական առաւելութիւններ քու կեանքիդ ու մտայնութեանդ զարգացման համար:

Իսկ ո՞րն է ուրախութեան բանալին. բնակիլ ծննդավայրի՞, թէ՞ աշխարհի լաւագոյն երկրին մէջ: Ներկայիս համոզուած եմ, որ աշխարհի վրայ չկայ «լաւագոյն երկիր», այլ կայ քու յատուկ պէտքերուդ ու չափանիշներուդ յարմար երկիր: Իսկ ուրախութեան բանալիին չենք տիրանար այս կամ այն երկիրը բնակելով, այլ` այս իրականութիւնը ընդունելով: Մեզի կը մնայ իրապաշտօրէն բաղդատել մեր շրջապատն ու կարելիութիւնները եւ ձգտիլ մեզի յարմար միջավայրին ու պայմաններուն: Իսկ երբ տարբեր երկիրներ բնակելու կարելիութիւնը չունինք, մեր հեռաւոր բարեկամներէն պահանջենք արժեւորումներ, քննադատութիւնները, ու բարելաւման առիթներու մատնանշումներ մեր ներկայ կենցաղին մասին: Այդպիսով կ՛ունենանք բաղդատական մը, որուն միջոցով մնայուն կերպով կը դատենք մեր պայմանները, մինչեւ կերտենք մեր լաւագոյն կեանքը:

 

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 73

Յաջորդը

Լիբանանահայը` Քանատահայ – 7. Եղեր…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.